Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Էտկար Մանուչարեան Հեթրիք Մը Իրագործեց

Երէկ, Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ուրալ, որ հիւրընկալեց Սիպեր Նովոսիպիրսքը, 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Յաղթական կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր մեծ եւ կարեւոր դերը ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան, որ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, հեթրիք մը իրագործեց (4-րդ` փենալթիով, 16-րդ եւ 25-րդ` փենալթիով):

Նշենք, որ այժմ Ուրալ 58 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES