«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Մալակա Եւ Կալաթասարայ – Ռէալ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան երկուքական ճակատումներ:

Այդ չորս մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, չորս խումբեր դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն, մինչ մնացեալ չորսը պիտի ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:

Պորուսիա Տորթմունտ – Մալակա մրցումը պիտի ըլլայ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ երթի մրցումը աւարտած է 0-0 արդիւնքով, եւ կոլ մը նշանակող խումբը կ՛ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:

Այսօրուան երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ պիտի հանէ Կալաթասարայը եւ Ռէալ Մատրիտը, հանգիստ ճակատում մը պիտի ըլլայ սպանական կազմին համար` նկատի ունենալով, որ անիկա երթին 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ:

Նշենք սակայն, որ Ռէալ Մատրիտէն կախակայուած ըլլալով` դաշտ պիտի չկարենան ներկայանալ Սերճիօ Ռամոս եւ Զապի Ալոնսօ:

Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը, որուն հետ երթին Ֆրանսայի մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, որմէ երթին պարտութիւն կրեց 2-0 արդիւնքով` Գերմանիոյ մէջ:

Նշենք, որ չորս մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

 

Share this Article
CATEGORIES