Տիգրան Քոթանճեան` Լիբանանի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ եւ յատուկ հրաւէրովը ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, երէկ Լիբանան ժամանեց հայրենի ճատրակի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան:

Անոր Լիբանան ժամանումը ունի երկու պատճառ:

Նախ եւ առաջ ան ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբին հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 15-21 ապրիլին:

Նշենք, որ ցարդ յստակ չէ, թէ այս ախոյեանութիւնը ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ:

Ընթերցողները տեղեակ կը պահենք այդ ախոյեանութեան կայացման վայրին մասին, երբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ այդ ուղղութեամբ յստակացում մը կատարուի եւ անոր գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակուին:

Տիգրան Քոթանճեան այդ ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելէն առաջ ժամանեց Լիբանան` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբը ազնիւ գաղափարը ունեցաւ, որ անոր այցելութենէն օգտուին ճատրակի մարզով հետաքրքրուող այն բոլոր անձերը, որոնք ներկայիս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք արդէն իսկ կտրած են իրենց կէս ճամբան եւ կ՛աւարտին այս շաբաթավերջին:

Այսօր` երեքշաբթի, 9 ապրիլէն սկսեալ, մինչեւ Լիբանանի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան ազդանշանը տրուիլը, հայրենի կրանտմասթըրը, ամէն օր երեկոյեան ժամը 18:30-էն 20:30, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ դասընթացքներ, կարեւոր գիտելիքներ եւ գաղտնիքներ, իւրայատուկ շարժումներ եւ ճատրակի վերաբերեալ վերջին զարգացումները պիտի սորվեցնէ հայ երկսեռ աշակերտներուն:

Այս իւրայատուկ առիթէն բոլոր օգտուիլ փափաքողները պարտին իրենց դպրոցական դասերը կանուխ աւարտել եւ անմիջապէս ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր, որպէսզի յաւելեալ գիտելիքներ սորվին հայրենի կրանտմասթըրէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES