«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ Եւ Պարսելոնա Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումները ամբողջացան երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցան վերջին երկու ճակատումները:
Պայէրն Միւնիխ, որ երթին իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Եուվենթուսը, նոյն արդիւնքը կրկնեց, այս անգամ` Իտալիոյ մէջ, եւ այսպիսով բաւական հաստատ քայլերով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Գերմանական կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին Մարիօ Մանտզուքիչ (64-րդ) եւ Քլաուտիօ Փիցարօ (91-րդ):
Օրուան իրաւարարն էր սպանացի Քարլոս Վելասքօ:
Ինչ կը վերաբերի երէկ գիշերուան երկրորդ մրցումին, Պարսելոնա, որ իր դաշտին` «Նու Քամփ»-ին մէջ հիւրընկալեց Փարիզ Սեն Ժերմենը, միացաւ Պայէրն Միւնիխի, թէեւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ֆրանսական կազմին հետ:
Պարսա, որ երթին Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, իր տոմսը ապահովեց` օգտուելով օտար դաշտի վրայ կոլ նշանակելու առաւելութենէն: Այսպիսով, Պարսա յաջորդաբար 6-րդ անգամ ըլլալով հասաւ կիսաւարտական:
Խաւիէ Փասթորէ նշանակեց Սեն Ժերմենի կոլը (50-րդ), իսկ Փետրօ` Պարսելոնայի կոլը (71-րդ):
Օրուան իրաւարարն էր հոլանտացի Պիոռն Քուիփերս:
Այսպիսով, կիսաւարտական հասնող չորս խումբերէն երկուքը եղան գերմանական, իսկ երկուքը` սպանական:



