Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի Ժողով
Երեքշաբթի, 9 եւ չորեքշաբթի, 10 ապրիլ 2013-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի արեւելեան ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու` ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. պատրիարքի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նշանակած մնայուն յանձնախումբի միօրեայ ժողովը:
Ժողովին մասնակցեցան մնայուն յանձնախումբի անդամները` Պիշոյ արքեպիսկոպոս եւ Թովմաս արքեպիսկոպոս` ղպտի եկեղեցիէն, Ճորճ Սալիպա արքեպիսկոպոս եւ Տանիէլ Քուրիէ արքեպիսկոպոս` ասորի եկեղեցիէն ու Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան` հայ եկեղեցիէն:
Ժողովականները քննարկեցին իրենց եկեղեցիներուն այլ եկեղեցիներու հետ ունեցած աստուածաբանական երկխօսութիւններն ու յարաբերութիւնները, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ իրենց մասնակցութիւնը, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած երեւոյթները եւ իրենց եկեղեցիներու երեք հոգեւոր պետերու յաջորդ հանդիպումը:
10 ապրիլի կէսօրին, ժողովականներ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ճաշի հիւրը եղան, ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնն ու յանձնարարութիւնները եւ ներկայացուցին իրենց ժողովին արդիւնքները:

