«Աբխազիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Անկախութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Ռուսիոյ Որոշումը Կարելի Չէ Փոխել» Կ՛ըսէ Լաւրով

«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Ռուսիա Պիծինա Իվանիշվիլիի գլխաւորութեամբ Վրաստանի նոր կառավարութեան գործնապաշտ մօտեցման նկատմամբ դրական վերաբերմունք ունի, սակայն Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչումը վերատեսութեան ենթակայ չէ:

«Ես ապագային չեմ տեսներ վրացի քաղաքական գործիչ մը, որ պիտի ըսէ. «Վե՛րջ, մենք մոռցած ենք այդ մասին, մենք սխալ էինք»: Նոյնպէս ալ չեմ տեսներ ռուս քաղաքական գործիչ մը, որ կ՛ըսէ. «Եկէք ամէն ինչ վերադարձնենք իր տեղը», ըսած է Լաւրով:

Ան յիշեցուցած է, որ Վրաստանի եւ Հարաւային Օսեթիոյ միջեւ 2008-ի տագնապը, որ ծագած էր Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի յայտարարութենէն ետք, իրենց բերած էր այն եզրակացութեան, որ այլ ճամբայ` բացի անկախութեան ճանաչումն ու ազգերու գոյութեան իրաւունքի ապահովումը, չկայ:

Share this Article
CATEGORIES