ՖԻՖԱ-ի Նոր Դասաւորման Մէջ. Հայաստան Նահանջեց 90-րդ Դիրքին

Երէկ` ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը, որուն մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ բազմած կը մնայ Եւրոպայի կրկնակի եւ աշխարհի ախոյեան Սպանիա` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1538 կէտ:

Գերմանիա, 1428 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Արժանթին` 1292 կէտով:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, վեց դիրքի նահանջ մը արձանագրելով, այժմ 421 նահանջ մը արձանագրելով, այժմ 421 կէտով կը գրաւէ 90-րդ դիրքը:

Ինչ կը վերաբերի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստանի մրցակիցներուն, անոնք կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Իտալիա` 8-րդ, Դանիա` 20-րդ, Չեխիա` 25-րդ, Պուլկարիա` 46-րդ եւ Մալթա` 157-րդ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES