ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ՓՐՈՖ. ՍԵԴԱ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ-ՏԱՏՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ. ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԳՈՐԾՕՆ ԵՒ ՇԻՆԻՉ ԴԵՐ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄԷՋ

Մարտի երկրորդ կիսուն Լոս Անճելըս կը գտնուէր արուեստաբան, պատմագէտ եւ փիլիսոփայութեան տոքթոր Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան. հրաւիրուած էր բանախօսելու Հալէպի «Զաւարեան» վարժարանի 75-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, նկատի ունենալով, որ շառաւիղն է ընտանիքի մը, որ կարեւոր դեր ու վաստակ ունեցած է այդ վարժարանի հիմնադրութեան ու ծաղկումին մէջ: Կարճատեւ այցելութեան առիթէն օգտուելով` անոր հետ ունեցանք հարցազրոյց մը` գլխաւորաբար պատմագիտութեան կալուածին մէջ իր տարած աշխատանքին մասին, թէեւ զրոյցը անխուսափելիօրէն ընդգրկեց իր հետաքրքրութեան միւս մարզերը եւս:

Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի հետ զրուցել` կը նշանակէ ինքզինքդ գտնել դասախօսի մը դիմաց, որուն տուած մէկ հարցումդ ի պատասխան, ան կը բանայ գիտելիքներու հսկայական շտեմարանի մը աղբիւրը. նաեւ կը նշանակէ ճեպընթացով շրջապտոյտի ելլել մեր պատմութեան հին ու նոր դարաշրջաններուն մէջ, կամուրջներ տեսնել դարերու եւ աշխարհագրական շրջաններու միջեւ, ուր հայը ներգործօն դեր ունեցած է մեր հայրենիքին թէ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ, առասաններ նետելով մինչեւ եւրոպական ցամաքամաս: Հետեւաբար, ինչ որ պիտի ներկայացնենք այս սիւնակներուն մէջ, կարելի է կոչել միայն գլխաւոր գիծերը մեր զրոյցի նիւթերուն, որոնց իբրեւ գլխաւոր խորագիր կարելի է արձանագրել հետեւեալները. հայութեան շինիչ դերակատարութիւնը` Միջին Արեւելքի իսլամական աշխարհի ուժական ու քաղաքակրթական պատմութեան կերտումին մէջ: Անոր տակ կարելի է աւելցնել բազմաթիւ ենթախորագիրներ:

ՀԱԿԻՐՃ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան ծանօթ անուն է Պէյրութի, Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու համալսարանական շրջանակներու մէջ. դասախօսած է Պէյրութի ամերիկեան Հայկազեան եւ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարաններուն, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի հայագիտական ամպիոններու մէջ. արուեստը, պատմագիտութիւնն ու քաղաքակրթութեանց պատմութիւնը, հայագիտական նիւթերու կողքին, իր հետաքրքրութեան ու աշխատանքին գլխաւոր, բայց ոչ միակ մարզերն են: Հրատարակած է վեց հատորներ, իսկ եօթներորդ մը` եռահատոր ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը, մամուլի տակ է: Բազմատասնեակ ուսումնասիրութիւններ ու գիտական յօդուածներ հրատարակած է հայագիտական ու մասնագիտական թերթերու ու հանդէսներու մէջ, յօդուածներ ունի նաեւ համայնագիտարաններու մէջ: Իր շահեկան ու յաճախ անկոխ ուղիներ պեղող ուսումնասիրութեանց ցանկագրումը, կամ մասնակցած համագումարներու եւ գիտաժողովներու թւումը պիտի նշանակէր այս սիւնակներուն մէջ ուրիշ բան չգրել…: Հետեւաբար իր մտաւորականի վաստակին մասին կը բաւականանանք այս հակիրճ ծանօթութիւններով: Կարեւոր յաւելում մը միայն. ան անգամ մը եւս Հայաստան հրաւիրուած է յառաջիկայ ամիսներուն Երեւանի համալսարանին մէջ դասախօսելու համար իր վերջին քսանամեակի գլխաւոր աշխատանքին մասին. արդէն մեր զրոյցին այստեղ վերարտադրուող բաժինը կը միտի լոյս սփռել մասնաւորաբար այդ էջերուն վրայ:

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԱԼՈՒԱԾԷՆ ԴԷՊԻ ՊԱՏՄԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Մեր զրոյցը ճամբայ կ՛ելլէ այն հանգրուաններէն, որոնք կազմած են փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի ուսումնասիրութեանց մեկնակէտը: Կը պատմէ,  թէ ուսանողութեան առաջին օրերուն նախասիրութիւնը զինք տարած էր դէպի արուեստի աշխարհ, եւ իր առաջին գիրքն ալ արդէն պերճախօս վկայութիւն է այդ մասին. «Լիբանանահայ նկարչութիւնը` ինքնութեան տագնապին լոյսին տակ» (1984): Շուրջ յիսուն արուեստագէտներու գործերուն ներկայացումէն անդին գացող այս հատորը նկարչութեան ու արուեստի կալուածին մէջ յետեղեռնեան սերունդներու արտայայտութեանց քննարկումն է, հայութեան ապրած ողբերգութեան ու անոր հետեւած վիճակներուն գտած դրսեւորումները: Յաջորդ հատորը` «Էջեր արեւմտահայ մտածումէն» (1987), զննող մանրադիտակի տակ կը բերէ Զարթօնքի շրջանէն մինչեւ Ցեղասպանութիւն ու անոր վաղորդայնը տարածուող ժամանակաշրջանի հայ մտաւորականութեան քաղաքական-ընկերային-փիլիսոփայական միտքի ճառագայթումները: Յաջորդ երկու գիրքերը «շեղում» են վերոյիշեալ գիծերէն, սակայն զինք արդէն կը դնեն այն հունին մէջ, որ վերջին երկու տասնամեակներուն եղած են իր «պեղումներուն» հիմնական դաշտերը: Այդ հունը արաբական-իսլամական աշխարհին հետ հայութեան գործակցական յարաբերութիւնն ու պետական կառոյցներու եւ քաղաքակրթութեան կերտումին մասնակցութիւնն է:

Համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած, բայց պատմութիւն կերտած այս զարգացումներուն ուղղութեամբ անոր հետաքրքրութիւնը շատ աւելի հին պատմութիւն ունի ու կ՛երկարի մինչեւ իր ուսանողութեան օրերը: Հոն էր, որ տեղի կ՛ունենայ արուեստի կալուածէն դէպի փիլիսոփայութիւն եւ պատմագիտութիւն «տեղափոխութիւնը»,  թէեւ առաջինին` արուեստի կալուածին ուղղութեամբ հետաքրքրութիւնը վերջակէտ չի գտներ, այլ նոր ուղիին մէջ կը ստանայ նոր ծաւալ ու խորացում:

Կը պատմէ, թէ պսակաւոր արուեստից վկայականին համար, աւարտաճառի նիւթ ընտրելուն մէջ բանալի եղած է Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի (հետագային կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ու Ս. Էջմիածինի): Ան է, որ զինք յորդորած է նիւթ ընտրելու Եզնիկ Կողբացին. նման կացութիւն` նաեւ մագիստրոսի վկայականի աւարտաճառին համար, երբ նոյն մտաւորական հոգեւորականը զինք առաջնորդած է ուսումնասիրելու Դաւիթ Անյաղթը: Եւ ահա, հայ միտքի հսկաներուն հետ մտերմութիւն հաստատելու համար երիտասարդ ուսանողուհին սորված է գրաբար: Սա կարեւոր յաւելում մըն էր արդի հայերէնի,  անգլերէնի, ֆրանսերէնի, արաբերէնի իր քաջածանօթութեան վրայ, նաեւ յարում` փիլիսոփայութեան ու պատմագիտութեան:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՐԶՆԿԱՑԻԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ԲԱՆԱԼԻԻ ԴԵՐԸ

Մեր զրուցակիցին երրորդ գիրքը կը կրէ «Յովհաննէս Երզնկացի.- «Ի տաճկաց իմաստասիրաց գրոց քաղեալ բանք»ին իսլամական աղբիւրները» խորագիրը: Անիկա եղած է իր տոքթորականի թէզը (1991): 1250-ական տարիներուն գրուած փոքրածաւալ գիրք մը` Երզնկացիի յիշեալ գործը դարձած է այն բանալին, որուն միջոցով փրոֆ. Ս. Պարսումեան Տատոյեան բացած է Հայաստանի շրջակայ երկիրներու եւ գլխաւորաբար արաբական աշխարհին հետ հայութեան մշակութային-քաղաքակրթական ու իշխանութեանց մասնակիցի պատմութեան դուռը (առանց անտեսելու նախընթաց տարիներուն արաբական պատմագիտութեան ուղղութեամբ իր հետաքրքրութիւնները):

Երզնկացիի հատորը կը բովանդակէ քաղուածքներ` իսլամական աշխարհի կանոնագրական մտածումներէն ու դրութիւններէն, արաբական համայնագիտարանային աշխատանքի մը սեղմ, քաղուածական վերարտադրութիւնն է. ինչպէս հայութեան եւ քրիստոնէական աշխարհին, նոյնպէս ալ իսլամական շրջապատին մէջ եղած են աղանդաւորական, այսինքն` ուղղափառութիւնը շրջանցող շարժումներ ու միտքի զարգացում: Երզնկացի, ոչ ոսկեդարեան հայերէնով մը, զանոնք փոխադրած է հայութեան միտքի աշխարհը, անոր գիրքը իբրեւ կարեւոր աղբիւր որդեգրկուած է այդ օրերու հայկական համալսարաններուն կողմէ:

Իսլամական աշխարհի մէջ նման շարժումներու եւ ուղղութիւններու կարելի է հանդիպիլ աւելի կանուխ դարերու, ինչպէս` «Իխուան աս-սաֆա» (Մաքրութեան եղբայրութիւն) անուն շարժումը: Յիշեալ ու նախընթաց դարերու պատմական-մշակութային տուեալները ուսումնասիրողը կը գտնէ, թէ Է. դարէն սկսեալ Հայաստանի հարաւ-արեւմտեան գօտիէն մինչեւ Անտիոքի սահմանները տարածուող շրջանին մէջ, օգտուելով գերիշխող պետութեանց մէջ յառաջացած թուլացումներէ, քաղաքներու մէջ կազմուած են երիտասարդական խմբակներ, որոնք կը յիշեցնեն մեր օրերու աւազակային խմբակցութիւնները` «կենկ»երը. անոնք ապօրինի տուրքեր կը հաւաքէին բնակչութենէն, կը տանէին բազմաբնոյթ «գործունէութիւն», չունէին միատարր պատկանելիութիւն: Նման խմբակցութիւններու մասնակից եղած են նաեւ հայեր, իսլամութիւն որդեգրած հայեր: Նման խմորումներու զարգացման ու հիմնաւորման նպաստած են մէկ կողմէ` թոնդրակեան ու պաւղիկեան շարժումներու պէս խմբաւորումներու յառաջացումը, իսկ միւս կողմէ, Աբբասեան խալիֆաներէն Հարուն Ռաշիտի կողմէ Բիւզանդական կայսրութեան հետ սահմանային բաւական ընդարձակ «չէզոք գօտի» մը ունենալու դիտաւորութիւնը. այնպէս մը, որ Տրապիզոնէն մինչեւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը տարածուող գօտիին մէջ կազմուած է իրողապէս անիշխանական գօտի մը: Խառն բնակչութիւն ունեցող այս գօտին դիմած են նաեւ հալածական աղանդաւորները` պաւղիկեաններն ու թոնդրակեանները, ապա նաեւ` կրօնափոխ դարձած, իսլամացած հայեր: Վերջինները կը ներկայացնէին զինուորական ուժ եւ դեր ունեցած են բիւզանդացիներու դէմ պատերազմներու մէջ: Արաբական ու Բիւզանդական կայսրութիւններուն միջեւ ինկած այդ գօտին կարելի է բնութագրել իբրեւ հաւաքաբանական ընկերութիւն, այսինքն` հայ, արաբ եւ շրջանի այլ ժողովուրդներու համատեղ կեցութիւն, իսլամ եւ քրիստոնեայ գոյակցական վիճակ: Հայութիւնը կը կազմէ նկատառելի մեծամասնութիւն, նաեւ` իր մշակոյթով ներգործօն տարր: Այդ գօտիին մէջ,  հայութիւնը սերտ յարաբերութիւն ու գործակցութիւն ունեցած է իսլամական իսմայիլական թեւին հետ:

Խօսելով աղանդաւորական շարժումներու մասին փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան վեր կ՛առնէ անոնց ուսեալ-գրագէտի ու ընդդիմախօսի յատկանիշները` նկատի ունենալով անոնց քաղաքական ու ընկերային մտածումները եւս, դարաշրջանի մը մէջ, երբ ուսումը սահմանափակ էր ու ձեւով մը մենաշնորհը` իշխանական ու հոգեւորական դասուն: Ան նաեւ կը շեշտէ ընդդիմախօսութեան կարեւորութիւնը` պատմաբանութեան կալուածին մէջ, նշելով, որ այս յատկանիշը մեր պատմութեան ու մշակոյթի կերտումին մէջ ներկայութիւն է եղած Դ. դարէն իսկ. իբրեւ օրինակ` կը յիշատակէ Պապ եւ Արշակ Բ. թագաւորները, վերջինին հաստատած Արշակաւան քաղաքին երեւոյթը. ընդդիմախօսական էին Մխիթարեանները, մեր ազգային Զարթօնքը` ԺԹ. դարուն, նաեւ` Չարենցն ու սերնդակիցները: Այս մօտեցումով   ան օգտակար կը նկատէ ընդդիմախօսական մօտեցման զարգացումը մեր նորօրեայ պատմագիտութեան կալուածին մէջ ալ:

Աղանդաւորական շարժումներու հետեւորդներ,  աւելի ուշ տարածուելով մինչեւ Խրիմ,  Արեւելեան ու Կեդրոնական Եւրոպա եւ աւելի անդին` Պուլկարիա, Թրանսիլվանիա ու Լվով,  յիշեալ միտքերն ու գաղափարները տարածած են Եւրոպայի մէջ` կարեւոր դեր ունենալով միտքի զարգացման, բարեկարգչական շարժումներու ու մշակոյթներու կամրջումին մէջ:

Վերոյիշեալ գօտիէն անդին, յաջորդ դարերուն,  պատմական յստակ իրողութիւն է հայութեան գործօն մասնակցութիւնը` Եգիպտոսի իրերայաջորդ իշխանութեանց մէջ, յատկապէս` Ֆաթիմական իշխանութեան պարագային, բայց նաեւ յաջորդ դարաշրջաններուն: Ֆաթիմական Եգիպտոսի բանակը հայերէ կազմուած էր մեծաւ մասամբ: ԺԱ. դարու վերջին քառորդին բազմատասնեակ հազարաւոր հայերէ կազմուած բանակ մը օգնութեան կը փութայ Եգիպտոսի թագաւորին, ու այնուհետեւ հայ իշխանաւորներ ու զինուորական ուժը երկարատեւ ներկայութիւն են Եգիպտոսի քաղաքական բեմին վրայ, մասնակից են քաղաքաշինութեան ու պաշտպանական կառոյցներու: Կարելի է խօսիլ նաեւ բազմաթիւ այլ օրինակներով: Պատմութեան մէջ յստակօրէն արձանագրուած է հայերու բարեկարգչական ու զարգացնողի դերակատարութեան մասին: Հալէպի մէջ եւ այլ քաղաքներու` եղած են հայ կառավարիչներ,  իսլամացած հայեր, որոնք շփման մէջ եղած են բիւզանդացիներու հետ: Այս իմաստով,  ուշագրաւ տարածք են Որոնդէս գետի հովիտն ու այդ շրջանի քաղաքները: Բիւզանդական բանակին մէջ ու կայսերական գահին վրայ հայերու ներկայութիւնը, բաղդատաբար արաբական աշխարհի մէջ ներկայութեան, աւելի ծանօթ ու ճանչցուած է: Բիւզանդացիները, իրենց կարգին, հայկական ուժեր ու իրենց ազդեցութեան գօտիին մէջ եղող շրջանի հայ բնակչութիւնը օգտագործած են` ընդդէմ արաբներուն գօտիի մը ստեղծման համար: Ուշագրաւ երեւոյթ է բիւզանդական դիւցազներգութեանց մէջ պաւղիկեաններէ եւ թոնդրակեցիներէ որոշ տիպարներու ներկայութիւնը:

Պատմական ծանօթ իրողութիւն է Աբբասեան կայսրութեան մէջ թուրքերու թափանցումը. զուգահեռաբար, բիւզանդացիներու ծանօթ քաղաքականութեան պատճառով, հայկական շրջաններէ հայութեան պարպումը առիթ տուաւ թրքական ներթափանցումի: Ժ. դարէն մինչեւ ԺԲ. մայր Հայաստանէն հայութեան տեղաշարժին մէկ արդիւնքը եղաւ Կիլիկիոյ մէջ հայութեան կեդրոնացումն ու ող Վասիլի,  Փիլարտոսի ու նման դէմքերու սկզբնաւորած կեդրոնացումներուն զարգացումը` դէպի հայկական իշխանութիւն ու թագաւորութիւն,  ինչպէս նաեւ կաթողիկոսական աթոռի հաստատում:

«ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱՅԻԼ ՄԻՋԻՆԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԼԱՅՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԷՋ»

Մեր զրոյցին վերջին բաժինը կ՛անդրադառնայ մեր պատմագիտութեան մօտեցման վերանայման հարցին:

Փրոֆ. Ս. Պարսումեան-Տատոյեան կը գտնէ, որ արաբական աշխարհին հետ հայութեան բազմադարեան գոյակցութեան ու գործակցութեան հանգրուանները արժանի են մանրամասն ուսումնասիրութեան,  որպէսզի բացայայտուի Միջին Արեւելքի պատմութեան կերտումին մէջ հայութեան ամբողջական դերն ու տեղը: Անիկա եղած է դրական, գործակցական, շինիչ:

Արաբական պատմագիտութիւնը ուսումնասիրող մը կը նկատէ, որ արաբ պատմագէտներուն համար  Հայաստան` «Արմինիա» կոչուող երկիրը աշխարհագրական ընդարձակ տարածութիւն է, ինչ որ բնականաբար կը հերքէ Թուրքիոյ կողմէ այսօր յառաջ քշուող «թեզ»ը: Արաբական պատմագրութեան մէջ եւս, ինչպէս մեր պատմութեան, մեր աշխարհագրութիւնը յստակ գիծերով չի ներկայանար: Անանիա Շիրակացիի «Աշխարհացոյց»էն ետք, աշխարհագրագիտութիւնն ու քարտէսագիտութիւնը մասնակի տեղ ունեցած են մեր պատմագիրներուն մօտ, մինչեւ նորագոյն ժամանակները:

Արաբական աղբիւրներու ուսումնասիրութիւնը ի յայտ կը բերէ, որ հայ` «արմանի» ժողովուրդին մասին ակնարկութիւնները չեն սահմանափակուիր պարզապէս Հայաստանի պատմական տարածքով, որովհետեւ թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Եգիպտոսի մէջ մշտական ներկայութիւն են եղած «արմանի»` հայ մակդիրով իշխանաւորներ, զինուորականներ, նաեւ` արաբերէնով ստեղծագործող հայ գրողներ, բանաստեղծներ, ինչպէս որ մեր օրերուն Ուիլիըմ Սարոյեան եւ ուրիշներ գրած են անգլերէնով կամ այլ լեզուներով: Այլ խօսքով, հայութիւնը ներգործօն ներկայութիւն եղած է Հայաստանի շրջակայ գօտիին մէջ եւ այդ մասին փաստացի արձանագրութիւններու ու պատմական վկայութիւններ կան: Հայաստանի տարածքին, հայութեան ապրած մթագնումի շրջաններուն դիմաց, հայութեան փայլուն ներկայութիւնը արձանագրուած է Միջին Արեւելքի մէջ: Տակաւին, Սուրիոյ ու ընդհանրապէս միջին արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը պատմական յիշողութիւն կերտած է արաբական այս գօտիին մէջ ու անով կարելի է բացատրել նաեւ Ցեղասպանութենէ փրկուած ու թուրքերէն հալածական հայերուն հանդէպ արաբներու հիւրընկալ ու բարեացակամ կեցուածքը. շրջանի ժողովուրդին յիշողութեան մէջ հայութեան հետ բարի յարաբերութիւններու պատկերը մեծապէս նպաստած է այս իրողութեան արտայայտութեան:

Այս գիծին ու անոր զարգացման նուիրուած է փրոֆ. Ս. Պարսումեան-Տատոյեանի նորագոյն գիրքը, որ լոյս պիտի ընծայուի այս տարի, սեպտեմբերին «Transaction Publishers, USA» հրատարակչատունէն. խորագիրն է` «The Armenians in the Medival Islamic World, Fourth-Fourteenth Centuries: Paradimes of Interaction»: Ինչպէս նշեցինք, անիկա եռահատոր գործ մըն է ու կը տարածուի շուրջ 900 էջերու վրայ: Այս նիւթով է, որ ան դասախօսելու հրաւիրուած է Երեւան:

Իբրեւ եզրակացութիւն` մեր զրուցակիցը կը շեշտէ հայագիտական մեր կեդրոններու հայեցակէտի վերանայման ու ընդարձակման կարեւորութիւնը: Ան օգտակար կը գտնէ Ցեղասպանութեան ու հետեւանքներուն մասնագիտական ուսուամնասիրութիւնը,  սակայն կը շեշտէ, որ պէտք է լուսարձակ կեդրոնացնել ու «պեղել» պատմութեան այն երեսները, էջերը, որոնք մինչեւ օրս արժանի ուշադրութեան չեն արժանացած, որովհետեւ առանց այդ անցեալին լաւ հասկացողութեան,  ջարդերուն դրդապատճառները լաւագոյնս չեն բացատրուիր: Օրինակի համար, պէտք է լաւ հասկնալ մեր Զարթօնքը, որպէսզի լաւ բացատրուին ջարդերն ու Ցեղասպանութիւնը: Օսմանեան ու պարսկական կայսրութեանց միջեւ հայութեան «սեղմումն» ու ճնշումները, հալածանքներն ու բաժանուածութիւնը պէտք է խորապէս ուսումնասիրել, որպէսզի յստակօրէն բացատրենք հայութեան արեւելեան ու արեւմտեան հատուածներու գոյառումը, «ճիւղաւորումը»: Պատմագիտութեան,  պատմութեան բոլոր էջերուն խոր ուսումնասիրութեան մէջ կը կայանայ մեր հայագիտական կեդրոններուն, համալսարաններուն դերը. Ցեղասպանութեան ու յարակից հարցերուն վրայ կեդրոնացումը անուղղակիօրէն սահմանափակումի կ՛ենթարկէ պատմութեան լայնածիր ուսումնասիրութիւնը,  որովհետեւ պէտք է հաւասար կարեւորութեամբ բանալ ջարդերէն առաջ տարածուող պատմութեան էջերը: Այս առումով ալ, արաբական պատմագրութիւնը մանրամասն ուսումնասիրելը նոր հորիզոններու առջեւ կը դնէ մեզ:

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES