Լիբանանի Պասքեթպոլի Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. «Ֆայնըլ-Էյթ». ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շեպիպէ Առաջին Մրցումը` Երկուշաբթի, 15 Ապրիլին

Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանի «Ֆայնըլ-էյթ-ի մրցումները», որոնք կը սկսին յառաջիկայ երկուշաբթի, 15 ապրիլին:

Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:

«Ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ա. եւ Բ. խմբակներուն առաջին դիրքը եւ չորրորդ դիրքը գրաւած խումբերը:

ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը, որ գրաւեց Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը, իր դէմ պիտի ունենայ Շեպիպէն, որ գրաւեց Ա. խմբակին չորրորդ դիրքը:

Իսկ Ա. խմբակին առաջին դիրքը գրաւած Թատամոնի մրցակիցը պիտի ըլլայ լիբանանեան բանակը:

ՀՄԸՄ Պէյրութ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ երկուշաբթի, 15 ապրիլին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 20:00-ին:

Ստորեւ կու տանք «Ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 15 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Թատամոն – Լիբանանեան բանակ 19:30 Ֆուատ Շեհապ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շեպիպէ 20:00 Աղբալեան
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 17 ԱՊՐԻԼ
ՔԱՀՐԱՊԱ – ԱՄԱԼ 19:30 Քահրապա
Թըպնին – «Էօ. Էն. Պէ.» 20:30 Մարզական Աւան
 

Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 18 ԱՊՐԻԼ
Լիբանանեան բանակ – Թատամոն 19:30 Միշել Մըր
Շեպիպէ – ՀՄԸՄ Պէյրութ 20:30 Սաժես Ժըտէյտէ
ՇԱԲԱԹ, 20 ԱՊՐԻԼ
Ամալ – Քահրապա 15:00 Միշել Մըր
«Էօ. Էն. Պէ.» – Թըպնին 16:00 Սաժես Ժըտէյտէ
 

Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 23 ԱՊՐԻԼ
Թատամոն – Լիբանանեան բանակ 18:30 Ֆուատ Շեհապ
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շեպիպէ 20:00 Աղբալեան
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 24 ԱՊՐԻԼ
Քահրապա – Ամալ 19:30 Քահրապա
Թըպնին – «Էօ. Էն. Պէ.» 20:30 Մարզական Աւան

 

Share this Article
CATEGORIES