Ըստ Համասի Կառավարութեան Փոխվարչապետին Էրտողան Յառաջիկայ Ամիս Կազա Պիտի Այցելէ
Համասի կառավարութեան փոխվարչապետ Զիատ Զազա յայտարարեց, որ «Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յառաջիկայ ամիս Կազա պիտի այցելէ»: Ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յոյս յայտնեց, որ «այցելութիւնը Կազայէն իսրայէլեան շրջափակման վերացման նոր հորիզոններ բանայ»` աւելցնելով, որ 7 տարիէ ի վեր կիրարկուող իսրայէլեան շրջափակումը ամէն ամիս Կազայի տնտեսութեան 250 միլիոն տոլարի վնաս կը պատճառէ:
«Իսրայէլ չի յարգեր Կազայի շրջափակումին վերջ տալու որեւէ խոստում, որուն վերջինը իսրայէլեան ղեկավարութեան Էրտողանի տուած խոստումն է` իբրեւ «Ազատութեան նաւատորմիղ»-ի համար ներման հայցը ընդունելու պայման», ըսաւ Զազա` նշելով, որ «Իսրայէլ այդ խոստումը չյարգեց, այլ շրջափակումը խստացուց եւ նոր արգելքներ պարտադրեց»:
CATEGORIES Միջազգային


