Եւրոպայի Պատանիներու Ամառնային Ողիմպիական Փառատօնին Կը Մասնակցին Նաեւ Հայաստանի 22 Պատուիրակները

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 13 յուլիսին, Եւթրեխթի մէջ (Հոլանտա) կը սկսի Եւրոպայի պատանիներու ամառնային ողիմպիականի 12-րդ փառատօնը:

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէէն` հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ փառատօնին ջահը, ըստ աւանդութեան, պիտի վառի յառաջիկայ 30 մայիսին` Աթէնքի մէջ (Յունաստան) եւ նոյն օրը պիտի հասնի Հոլանտա ու պիտի յանձնուի ողիմպիական ախոյեան, լողորդ Փիթըր Վան տեն Եուկենպանտին:

14 յուլիսին ջահը պիտի հասնի Կալտենվաարթ, ուր տեղի պիտի ունենայ մարզական փառատօնին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ այս ողիմպիականին մասնակցին 49 երկիրներու շուրջ 3 հազար երկսեռ մարզիկներ, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանի 22 պատուիրակները:

Մարմնամարզի, լողարշաւի, աթլեթիզմի, ժիւտոյի, հեծելարշաւի եւ թենիսի մրցումներուն Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, սակայն պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ հենտպոլի մրցումներուն` ոչ:

Նշենք, որ վերջին երեք մարզաձեւերուն, եւրոպական ֆետերասիոնները մասնակցութեան իրաւունք կու տան միայն բարձր վարկանիշ ունեցող տղոց եւ աղջկանց ութական խումբերու:

Share this Article
CATEGORIES