«Աւագանիի Ընտրութիւնները Պէտք Է Գործող Իշխանութիւններուն Նկատմամբ Անվստահութեան Հանրաքուէ Դառնան» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
Երէկ Երեւանի «Սլաք» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան` խօսելով Երեւանի աւագանիի 5 մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն մասին, յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն յառաջիկայ ընտրութիւններուն կը մասնակցի իր ամբողջ ներուժով:
Ա. Վարդանեան նշեց, որ թէեւ աւագանիի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւին մէկ երրորդը արդէն վերջ գտած է, սակայն հիմնական գործը, որով այս ընթացքին ՀՅԴ-ն զբաղած է, նախապատրաստական, կազմակեպչական աշխատանքներն էին, Երեւանի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ ՀՅԴ-ի ընտրական գրասենեակներու ստեղծումը:
Ըստ Վարդանեանի, տպաւորութիւն կար, որ ՀՅԴ-ն լիարժէք քարոզարշաւի չէ սկսած, բայց ան վստահեցուց, որ պիտի ունենան քարոզարշաւի յստակ պատկերը` պիտի ըլլան ժողովրդային հանդիպումներ, ութէն տասներկու բակային հանդիպում իւրաքանչիւր վարչական շրջանի մէջ, իսկ քարոզարշաւը պիտի եզրափակուի համաքաղաքային մէկ ձեռնարկով:
«ՀՅԴ-ի հիմնական առաւելութիւնը, տարբերութիւնը այլ կուսակցութիւններէ կը կայանայ անոր մէջ, որ մենք, իսկապէս, հանդէս կու գանք իբրեւ խումբ: Դաշնակցական հեղինակաւոր կենսագրութիւն ունեցող բոլոր գործիչները պիտի տեսնէք այս ընտրութիւններուն ժամանակ, մենք իսկապէս ամբողջական խումբով պիտի ներկայանանք: Մեր վերաբերմունքը այս ընտրութիւններուն նկատմամբ պարզ է` ընտրութիւնները նոյնքան քաղաքական են, որքան զուտ Երեւանի կառավարման խնդիրը: Երկրին մէջ կայ իրավիճակ, մթնոլորտ` նախագահական ընտրութիւնները նոր աւարտած են, բնակչութեան հսկայ մէկ հատուածը դէմ է գործող վարչակարգին, իսկ չտեսնել այս իրողութիւնը կը նշանակէ, որ հարցեր չկան, կը նշանակէ երկարաձգել առկայ վիճակը, իսկ ատիկա լաւ բան չի խոստանար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին` ներքին եւ արտաքին քաղաքական կարեւորագոյն մարտահրաւէրներուն առումով: Լիայոյս ենք, որ մեր բնակչութիւնը ընտրութիւնները պիտի դիտէ ոչ թէ իբրեւ անձերու մրցակցութիւն, այլ քաղաքական ուժերու մրցակցութիւն», ըսաւ Ա. Վարդանեան` յուսալով, որ երեւանցիները կը տեսնեն, որ «ընտրութիւնը պէտք է նշանակէ անվստահութեան հանրաքուէ գործող իշխանութեան»:
Ըստ Ա. Վարդանեանի, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պայքարի մէջ է իր ամբողջ ներուժով եւ կազմակերպուածութեամբ, ուստի պատահական չէ, որ Արմէն Ռուստամեան կը գլխաւորէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու ՀՅԴ-ի ցուցակը: Ան վստահեցուց, որ Ռուստամեանը շատ աւելի սկզբունքային քաղաքապետ եւ լաւ կառավարիչ պիտի ըլլայ:

