Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն
Ութ խումբերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրած է յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը:
ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումին 4,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Արապիէին, մինչ երկրորդին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սովիեթներուն հետ:
Առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեցին հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, Ժիրայր Օգնայեան, Հրայր Պուրունսուզեան եւ Սիւզան Մուրատեան:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, յաղթանակներ արձանագրեցին Տիգրան Քոթանճեան եւ Ռազմիկ Օգնայեան:
Նշենք, որ երկրորդ մրցումին Քոթանճեան յաղթեց Հիւսէյն Համմուտի:
2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Անսար եւ Լիբանանեան բանակը, արձանագրած են երկուքական յաղթանակ:
CATEGORIES Մարզական

