«Իսրայէլ Պատրաստ Է Սուրիական Քիմիական Զէնքերու Անվտանգութիւնը Ապահովելու» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Պենիամին Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է սուրիական քիմիական զէնքերու անվտանգութիւնը ապահովելու` նշելով, որ Իսրայէլ «իրաւունք ունի Սուրիոյ մէջ անոնց սխալ ձեռքերու մէջ իյնալը կանխարգիլելու»:

Ան զգուշացուց, որ «շրջանին մէջ խաղին կանոնները պիտի փոխուին, եթէ ահաբեկիչները քիմիական եւ օդանաւերու դէմ զէնքեր գրաւեն»` աւելցնելով, որ «մեզ մտահոգող գլխաւոր զէնքերը, որոնք Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունին, օդանաւերու դէմ զէնքերը, քիմիական զէնքերը եւ այլ վտանգաւոր զէնքերն են, որոնք կրնան խաղի կանոնները փոխել»:

Նեթանիահու ըսաւ, որ «այդ զէնքերը Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ պայմաններն ու ուժերու հաւասարակշռութիւնը պիտի փոխեն եւ կրնան լայնածաւալ ահաբեկչական վտանգ ներկայացնել, եւ հաստատեց, որ մեր շահը մեզի կը ստիպէ մենք զմեզ պաշտպանել, սակայն կը կարծենք, որ այդ մէկը նաեւ այլ երկիրներու շահերէն եւս կը բխի»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Իխպարիյա» պատկերասփիւռին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արեւմուտքը Սուրիոյ տագնապին մէջ Քայիտային զօրակցելուն համար սուղ գին պիտի վճարէ:

Ան ըսաւ, որ իր պարտութեան հետեւանքները աղէտալի պիտի ըլլայ: «Յաղթանակը այլընտրանք չունի, այլապէս Սուրիա վերջ պիտի գտնէ, եւ չեմ կարծեր, որ սուրիացի ժողովուրդը այդպիսի ընտրանք մը կ՛ընդունի», յայտնեց Ասատ` աւելցնելով, որ «ճշմարտութիւնը այն է, որ պատերազմ մը գոյութիւն ունի եւ կը կրկնեմ` ո՛չ անձնատուութեան, ո՛չ ենթակայութեան»:

Ասատ նշեց, որ միայն սուրիացի ժողովուրդը կրնայ որոշել, որ ինք իշխանութեան վրա՞յ պէտք է մնայ, թէ՞ ոչ:

Ան նաեւ Յորդանանը ամբաստանեց ընդդիմադիրներուն իր սահմաններէն Սուրիա ազատ մուտքը արտօնելուն յանցանքով եւ ըսաւ, որ տագնապը պիտի տարածուի: «Կրակը մեր սահմաններուն մէջ պիտի չկենայ, եւ բոլորը գիտեն, որ Յորդանան Սուրիոյ նման վտանգուած է», նշեց Ասատ:

Յորդանանի լրատուամիջոցներու հարցով նախարար եւ կառավարութեան բանբեր Մոհամետ Մումնի յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ Յորդանանի կեցուածքը չէ փոխուած` հաստատելով, որ Ամման այդ երկրին մէջ արիւնահեղութեան դադրեցման համար քաղաքական լուծում մը գտնել կը պահանջէ եւ կը մերժէ այդտեղ որեւէ զինուորական միջամտութիւն:

Ան նշեց, որ «Յորդանանի մէջ ամերիկեան ուժերու ամրապնդման քայլը երկու երկիրներու գործակցութեան եւ համակարգումի ծիրին մէջ է»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )