«Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.» «Սփիտ – Թեսթ»-ի Առաջին Հանգրուանի Մրցումը Յետաձգուեցաւ Յառաջիկայ Կիրակի Օրուան
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ վաղը` կիրակի, 21 ապրիլին տեղի ունենալիք «Սփիտ-թեսթ»-ի առաջին հանգրուանի մրցումը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ կիրակի օրուան:
Նկատի ունենալով կլիմայական աննպաստ պայմանները, որոնք պիտի շարունակուին կիրակի երեկոյեան, նկատի առնելով նաեւ վարորդներուն, հանդիսատեսներուն եւ կազմակերպիչներուն ապահովութիւնը, այդ յետաձգումը կատարուեցաւ:
Նշենք, որ անիկա տեղի պիտի ունենար «Սոլիտեր»-ի շրջանին մէջ (Պէյրութ):
CATEGORIES Մարզական

