Ապահովութիւն Եւ Ազատութիւն. Պոսթընի Ռմբահարումները Ծնունդ Կու Տան Բացայայտումներ Պարունակող Ծանօթ Հակազդեցութիւններու
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Պոսթընի մարաթոնին վազողները կը շարունակեն վազել դէպի աւարտական գիծ, մինչ պայթումներ կը խորտակէին զայն:
ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԱՐԱԹՈՆԸ ՑՆՑԱԾ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԶՈՅԳ ՊԱՅԹՈՒՄՆԵՐԸ ԱՆՑԵԱԼ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԻՐԵՆՑ ԵՏԻՆ ՁԳԵՑԻՆ 3 ՄԵՌԵԱԼ ԵՒ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 180 ՎԻՐԱՒՈՐ: ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՕՐԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑԻՆ ԴԷՊՔԻՆ: ՄԻՆՉ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ, ԱՆԴԻՆ` ԱՆՈՆՑ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԱՌԱՆՑ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒ ԿԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԷԻՆ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ, ԹԷ` ԻՍԼԱՄ ԸԼԼԱԼՈՒ ԷԻՆ: ԴԷՊՔԷՆ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԵՏՔ «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻ ՊԼՈԿԸՐ ԿԼԵՆ ԿՐԻՆՈՒՈԼՏ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷՐ ՇԱՐՔ ՄԸ ՄԱՏՆԱՆՇՈՒՄՆԵՐ` ԲԱՑԱՏՐԵԼՈՎ ՆՄԱՆ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԱՅԺՄ ԱՐԴԷՆ ՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԻ ՊԱԿԱՍ, ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ՄԵՂԱԴՐԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒ, ՎԱԽԻ ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՒՄ… ԱՒԵԼԻ ՈՒՇ ԷՖ. ՊԻ. ԱՅ. ԱԿԱՆԱՏԵՍՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՄԲ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ, ՊՈՍԹԸՆ ԴԱՐՁԵԱԼ «ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԳՕՏԻԻ» ՎԵՐԱԾՈՒԵՑԱՒ, ԵՐԲ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ, ՈՐՈՆՑՄԷ ՄԷԿԸ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԲԱԽՈՒՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ, ԻՍԿ ՄԻՒՍԸ ԱՒԵԼԻ ՈՒՇ ԴԱՐՁԵԱԼ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԲԱԽՈՒՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ԾԱՆՐՕՐԷՆ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ (ԿԱՐԳ ՄԸ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՓՈՐՁԱԾ Է ԱՆՁՆԱՍՊԱՆ ԸԼԼԱԼ): ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՌՈՒՍԻԱՅԷՆ ԳԱՂԹԱԾ ՉԵՉԵՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԷԻՆ: ՃԻՇԴ Է, ԻՍԼԱՄ ԷԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ ՑԱՐԴ ՈՉ ՄԷԿ ԱՊԱՑՈՅՑ ԿԱՅ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԴԱՒ ՄԸ, ԻՆՉ ՈՐ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ «ԻՆՔՆԱԿՈՉ» ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ՈՃՐԱՅԻՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ ՄԸ ՍԿԻԶԲ Կ՛ԱՌՆԷ` ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԱՆՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ ԵՒ ԲԱՐԴ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ: ՄԻՆՉ ԱՅԴ` ԿՐԻՆՈՒՈԼՏԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՆՈՅՆՔԱՆ ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ԵՒ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ, ԻՐ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄՈՎ ԿԸ ՄԱԿԱՆՑԷ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵՒ ՎԻՐԱՀԱՏԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ԿԸ ՊԵՂԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ:
Շատ բան չկայ ըսելիք անցեալ երկուշաբթի Պոսթընի մարաթոնը հարուածած յարձակումին մասին, որովհետեւ իրողապէս ոչ մէկ ապացոյց գոյութիւն ունի, թէ ո՛վ գործեց զայն եւ ինչո՛ւ: Այսուհանդերձ, կարելի է կատարել շարք մը մատնանշումներ դէպքին ստեղծած լայնատարած հակազդեցութիւններուն մասին: Այս հակազդեցութիւններուն մեծ մասը բաւական ծանօթ է եւ կը պարունակէ կարեւոր բացայայտումներ:
1) Յայտնապէս իրական էին լայնատարած կարեկցանքն ու խոր զայրոյթը յարձակումին զոհերուն նկատմամբ եւ լաւ էր ականատես դառնալ անոնց արտայայտութեան: Այսուհանդերձ, կարելի չէր զսպել այն ցանկութիւնը, որ այս կարեկցանքին եւ զայրոյթին գէթ մէկ մասը ուղղուած ըլլար Միացեալ Նահանգներու կողմէ ի գործ դրուած յարձակումներուն, քան` Միացեալ Նահանգներու զոհերուն: Նմանօրինակ յարձակումներ են քաղաքացիներու կեանքը խլող այն ահաւոր յարձակումները, զորս Միացեալ Նահանգներ վերջին տասնամեակին տեւաբար ի գործ դրած են իսլամական աշխարհի երկիրներուն տարածքին, իսկ աշխարհը գրեթէ ուշադրութիւն չէ դարձուցած անոնց: «Կարտիըն» թերթին մէջ իմ պաշտօնակիցս` Կերի Եանկ լաւագոյն ձեւով արտայայտեց այս գաղափարը, երբ Թուիթըրի վրայ ըսաւ հետեւեալը.
«Ամբողջութեամբ համաձայն պիտի ըլլայի «այսօր բոլորս պոսթընցիներ ենք» արտայայտութեան: Սակայն արդեօք վաղը բոլորս կրնա՞նք եմէնցիներ ըլլալ եւ միւս օրը` փաքիստանցիներ: Այսպէս կ՛ըլլայ կարեկցանքը»:
Ժուան Քոլ նմանօրինակ մատնանշում մը կը կատարէր իր պլոկին մէջ` խօսելով այլ վայրերու մէջ ի գործ դրուած բրտութեան մասին: Իրօք, տակաւին երէկ Իրաքի մէջ շարք մը ռմբահարումներու զոհ գացին առնուազն 42 հոգի եւ վիրաւորուեցան 250 ուրիշներ: Ասիկա շարունակուող հետեւանքն է Միացեալ Նահանգներու Իրաք ներխուժումին եւ այս երկրին քանդումին: Ձեւով մը, ամէն անգամ որ Միացեալ Նահանգներ յարձակումի թիրախ կը դառնան, ստեղծուած կարեկցանքն ու զայրոյթը երբեք չեն վերածուիր հասկացողութեան` ուրիշներու դէմ մեր սեփական յարձակումներուն անդրադարձներուն:
Ցայտուն օրինակի մը հանդիպեցայ, երբ Թուիթըրի վրայ կարդացի մէկ պատասխանը «Ուաշինկթըն Էկզեմինըր» թերթի յօդուածագիր Տէյվիտ Ֆրետտոսոյի: Ան կը յայտարարէր.
«Անմիջական հակազդողները սպաննելու նպատակով ի գործ դրուած իրերայաջորդ ռմբահարումներու գաղափարը ախտագին է: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ այսքան չար ըլլալ»:
Տարակարծիք չեմ: Սակայն գրաւի կու գամ, թէ այս խօսքերուն հեղինակը, ինչպէս նաեւ` ամերիկացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, գաղափար չունի, թէ փրկարարները «իրերայաջորդ ռմբահարումներով» ծուղակի մէջ ձգելը ճիշդ Միացեալ Նահանգներուն կիրարկած առանց օդաչուի ռմբակոծող օդանաւերուն եւ զինուորական յարձակումներուն ոճն է: Եթէ ամերիկացիներուն մեծ մասը գիտնար, թէ իր պետութիւնը եւ իր բանակը կը կիրարկէր այս ոճը, ապա պիտի հակազդէր այնպէս, ինչպէս հակազդեց Պոսթընի յարձակումին եւ պիտի ըսէր «Անմիջական հակազդողները սպաննելու նպատակով ի գործ դրուած իրերայաջորդ ռմբահարումներու գաղափարը ախտագին է: Մարդ ինչպէ՞ս կրնայ այսքան չար ըլլալ»: Սակայն շատ տարակուսելի է ասիկա, եւ ա՛յս է խնդիրը:
Ըստ էութեան, սխալ չէ աւելի հետաքրքրուիլ համեմատաբար մօտակայ եւ ծանօթ վայրերու մէջ պատահող ողբերգական եւ բիրտ իրադարձութիւններով: Ճիշդ է այս, թէ` սխալ, կարեւոր չէ, որովհետեւ հաւանաբար մաս կը կազմէ մարդկային բնոյթին կամ գէթ` բնազդին: Մարդիկ այսպէս կը հակազդեն աշխարհի տարածքին: Չեմ քննադատեր այս երեւոյթը: Սակայն կը փափաքիմ, որ զոհերու նկատմամբ կարեկցանքը եւ մարդկային անմեղ կեանքերու վերջ դնելու դէմ զայրոյթը, որոնք անմիջապէս կ՛արտայայտուին ամէն անգամ, որ Միացեալ Նահանգներ թիրախ կը դառնան այս ձեւի բրտութեան, առնուազն նմանօրինակ արտայայտութիւն գտնեն, ամէն անգամ որ Միացեալ Նահանգներ իրե՛նք կը գործեն նման արարքներ: Եւ պէտք է ըսել, որ անոնք շատ աւելի յաճախ կը գործեն նման արարքներ, քան թիրախ կը դառնան նման բրտութեան:
Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ կը մտածենք նման արարքներ արդարացնելու կամ անոնց նպատակին մասին, այն զայրոյթը, որ կը զգանք Պոսթընի յարձակումներուն հեղինակին նկատմամբ, նոյն այն զայրոյթն է, որ աշխարհի տարածքին մարդիկ տեւաբար կը զգան Միացեալ Նահանգներուն նկատմամբ, որ անմեղ անձեր կը սպաննէ իրենց երկիրներուն մէջ: Այն տխրութիւնը, որ կը զգանք Պոսթընի յարձակումին զոհերուն նկատմամբ, արդար պիտի ըլլար նոյն չափով ապրիլ այն անմեղ զոհերուն համար, որոնց կեանքը վերջ կը գտնէ ամերիկացիներուն ռումբերով: Որքան խորապէս գիտակցինք այն կորուստին, որ Պոսթընի մարաթոնին զոհերուն ծնողներն ու հարազատները կ՛ապրին, պէտք է գիտնանք, որ անիկա համազօր է այն կորուստին, որ կը զգան Միացեալ Նահանգներուն բրտութիւնը ճաշակած զոհերը: Բնական է, որ նոյն ուժգնութեամբ չենք զգար կորուստը, երբ զոհերը կ՛իյնան հեռաւոր վայրերու մէջ եւ մեծ մասամբ` աչքէ հեռու, սակայն այս նոյն հակազդեցութիւնը Միացեալ Նահանգներու թշնամական արարքներուն դէմ արտայայտելով` երկար ճամբայ կտրած կ՛ըլլանք աւելի լաւ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ է անոնց գործած արարքներուն բնոյթը եւ ի՛նչ են անոնց անդրադարձները:
2) Խուճապը, կամ աւելի ճիշդ` անհամբերութիւնը եզրակացնելու, թէ յարձակումին հեղինակները իսլամ են, նոյնիսկ` առանց որեւէ իրական ապացոյցի, շատ զգալի էր եւ անպատշաճ: «Տը Նիւ Եորք Փոսթ» անմիջապէս հաստատեց, թէ գլխաւոր կասկածելին սէուտցի մըն է (նաեւ սխալ տեղեկատուութիւն կատարեց` նշելով, թէ հաստատուած էր 12 հոգիի մահը): Թերթին կողմէ պատասխանատուութեան այս ձեւի վերագրումը նաեւ արձագանգեց «Սի. Էն. Էն.»-էն, երբ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի ապահովական հարցերու խորհրդական Ֆրան Թաունսենտ յայտարարեց. «Գիտենք, թէ սէուտցի մը վիրաւորուած է ոտքէն, եւ ան կը հարցաքննուի այժմ»: Դեմոկրատ նախկին ներկայացուցիչ Ճէյն Հարման «Սի. Էն. Էն.»-էն ելոյթ ունենալով` կատարեց ցնցիչ ենթադրութիւն մը եւ ըսաւ, թէ իսլամ խմբաւորումներ կը գտնուէին յարձակումին ետին: Հակաիսլամ մոլեռանդներ, ինչպէս` Փամ Կելըր, կատարեցին նախատեսելի յայտարարութիւններ եւ յարձակումը կոչեցին «ժիհատ` Ամերիկայի մէջ»: Այնուհետեւ իսլամներուն նկատմամբ ատելութեան արտայայտութիւններ, ինչպէս նաեւ անոնց հասցէին բրտութեան ցանկութեան վերագրումներ սկսան վխտալ Թուիթըրի վրայ: Մասնաւորաբար դեմոկրատ անսկզբունք տիպի անձեր առանց որեւէ ապացոյցի կը յայտարարէին, թէ յարձակումը քաղաքական աջ թեւի ծայրայեղականներու գործն էր:
Յայտնապէս հաւանական է, որ յարձակողը կամ յարձակողները իսլամ են, այնպէս` ինչպէս հաւանական է, որ անոնք քաղաքական աջ թեւի ծայրայեղականներ են, կամ` քաղաքական ձախ թեւի խռովարարներ, Անտերս Պրեւիքի պէս իսլամներէն վախցող մը կամ մտային հիւանդութենէ տառապող ապաքաղաքական մենակեաց մը: Սակայն այս խուճապը` յայտարարելու, թէ յանցագործը իսլամ է, տեւաբար կը կրկնուի նման դէպքերու ժամանակ: Կ՛արժէ յիշել Օսլոյի սպանդին օրը, երբ քաղաքական աջ թեւի իսլամատեաց ծայրայեղական «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը մինչեւ գիշեր իր վերնագիրներով կը փորձէր ամուր կերպով հաստատել այն ենթադրութիւնը, թէ իսլամ ծայրայեղական խմբաւորում մը պատասխանատու էր արարքին: Հաստատում մը, որ իբրեւ փաստ ներկայացուեցաւ գլխաւոր այլ լրատուուամիջոցներու կողմէ, ինչպէս` «Պի. Պի. Սի.» եւ «Ուաշինկթըն Փոսթ»: Նոյնը պատահած էր 1995-ին Օքլահոմա քաղաքին մէջ պատահած ռմբահարումին ժամանակ, երբ ամերիկեան գլխաւոր լրատուամիջոցներ համոզուած յայտարարեցին, թէ յանցագործները իսլամ էին: «ՖԷՐ» (արդար եւ ճշգրիտ լրատուութեան ջատագով: «Ա.») թերթը ատենին արձանագրած էր հետեւեալը.
«Միւրայի դաշնակցային գրասենեակներուն շէնքին ռմբահարումէն ետք լրատուամիջոցներ զանգուածաբար փութացին ենթադրելու, թէ ռմբահարումը իսլամ ծայրայեղականներու գործն էր: «Այստեղ գրաւը Միջին Արեւելքէն ահաբեկիչներու վրայ է», կը յայտարարէր «Սի. Պի. էս. Նիուզ»-ի խմբագիր ճիմ Սթիուըրթ 19 ապրիլ 1995-ի պայթումէն հազիւ քանի մը ժամ ետք: «Այն իրողութիւնը, թէ այսքան ուժգին պայթում մը տեղի ունեցած է Օքլահոմա քաղաքին մէջ, հետաքննիչներուն մտածել տուած է անմիջապէս մահաշունչ զուգահեռներ գծելու եւ ենթադրելու, թէ յանցագործներուն արմատը կը գտնուի Միջին Արեւելքի մէջ», կը յայտարարէր «Էյ. Պի. Սի.»-ի խմբագիր ճոն ՄքՈւեթի նոյն օրը»:
«Միջին Արեւելքի մէջ ինքնաշարժ պայթեցնող իսլամներու յատուկ բոլոր յատկանիշները կը տեսնենք այստեղ,- կը գրէր Միացեալ Նահանգներու մամլոյ սենտիքայի անդամ Ճորճի Էն Կէյըր «Շիքակօ Թրիպիուն» թերթին մէջ, 21 ապրիլ 1995-ին: «Այն ճիգերը, որոնք ի գործ կը դրուին ամերիկացիներուն դէմ գլխաւոր վտանգ սպառնացող միջինարեւելեան ահաբեկչութիւնը քայքայելու համար, յայտնապէս ապարդիւն են», կը յայտարարէր «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի յօդուածագիր Ա. Մ. Ռոզընթար, 21 ապրիլ 1995-ին: Կէյըրի եւ Ռոզընթալի յօդուածները վերցուեցան թերթերուն կայքէջերէն, երբ Էֆ. Պի. Այ. հրապարակեց ճեպանկարները երկու կասկածելիներու, որոնք աւելի Կեդրոնական Ամերիկայէն համալսարանականի մը երեւոյթ ունէին, քան` մուժահետինի»:
Մարդիկ այս դասը երբեք չեն սորվիր, որովհետեւ շատեր չեն ուզեր սորվիլ: Նոյնիսկ երբ ի յայտ կու գայ, թէ յարձակումներուն հեղինակները իսլամ չեն, այլ` քաղաքական աջ թեւի սպիտակամորթ քրիստոնեաներ, նման վարմունքի պատճառով արձանագրուած աւերը անխնայ է, եւ ընդոստ մեղադրանքի այս ձեւը կը շարունակուի:
3) Պոսթընի յարձակումէն ետք աշխարհի տարածքին արաբներ եւ իսլամներ այն մտավախութիւնը ապրեցան, թէ արարքին հեղինակը կրնար արաբ մը ըլլալ, իսլամ մը, կամ` արաբ իսլամ մը: Պատճառը այն էր, որ անոնք գիտեն, թէ իրենց կրօնական կամ ցեղային ամբողջ խմբաւորումը պիտի մեղադրուի եւ աւելի վատ վերաբերումի ենթակայ պիտի դառնայ, եթէ իրօք, իրականութիւնը այս դուրս գայ: Ա՛յս է ճշմարտութիւնը, որմէ խուսափիլ կարելի չէ, նոյնիսկ երբ իսլամական ամերիկեան խմբաւորումներ, ինչպէս` ՔԱԻՌ (Քաունսըլ ան ամերիքըն-իզլամիք ռիլէյշընզ) խիստ կերպով դատապարտեցին յարձակումը, ինչպէս միշտ, եւ ուղղեցին զոհերուն զօրակցութեան կոչեր, ինչպէս` արիւն նուիրել: Թուիթըրի վրայ Իրանի երկրաշարժին վերաբերող գրութիւն մը կը ձաղկէր այս հաւաքական մտայնութիւնը. ըսելով` «Միայն երկրակազմութեան շերտերուն այս բախումը իսլամներու գործ չըլլայ»:
Թէեւ հասկնալի է այս երեւոյթը, սակայն տխուր է ականատես դառնալ անոր: Ոչ մէկ այլ խմբաւորում նոյնպիսի վախով կը հակազդէ նման դէպքերու, որովհետեւ ոչ մէկ այլ խմբաւորում պատճառ ունի նոյնքան վախնալու, թէ` ատելութեան թիրախ պիտի դառնայ արարքներու պատճառով, որոնց հեղինակները առանձին անձեր են եւ չեն ներկայացներ իրենց ամբողջ հաւաքականութիւնը: Երկար ժամանակ նմանօրինակ ճնշում մը կը տիրէր Միացեալ Նահանգներու ոճրային ներքին աշխարհին մէջ. երբ կը փաստուէր, թէ տխրահռչակ ոճիրներու հեղինակները ափրիկեցի-ամերիկացի էին, սովորաբար ափրիկեցի-ամերիկացիներու ամբողջ բնակչութիւնը կը վճարէր հաւաքական գին մը: Սակայն եզակի եւ հիմնաւորուած այն սարսափը, որ կ՛ապրին աշխարհի տարածքին հարիւր միլիոնաւոր օրինապահ իսլամներ եւ արաբներ, թէ` Պոսթընի յարձակումին հեղինակը հաւանաբար իսլամ մըն է, լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն վախը, որ ստեղծուած է իրենց համար եւ պարտադրուած է իրենց` վերջին տասնամեակին:
4) Պոսթընի յարձակումին հակազդեցութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց այն, թէ որքա՛ն անիմաստ է «ահաբեկչութիւն» բառը: Լրատուամիջոցներ յայտնապէս գայթակղեցան, երբ նախագահ Օպամա իր խօսքին սկիզբը չգործածեց «ահաբեկչական արարք» բառերը` նկարագրելու համար ռմբահարումը: Սպիտակ տունը անմիջապէս փութաց վստահեցնելու, թէ «ահաբեկչութիւն» կը նկատէր արարքը: «Ֆոքս Նիուզ»-ի խմբագիր Էտ Հենրի մէջբերեց «պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը», որ ըսած էր, «Երբ բազմաթիւ պայթուցիկ նիւթեր կը պայթին, ապա արարքը ահաբեկչական է»:
Իրօք, ա՞յս է ահաբեկչութիւնը. բազմաթիւ պայթուցիկ նիւթերու պայթո՞ւմը: Եթէ այդպէս է, ապա բառը կը ներառէ բազմաթիւ իմաստներ, ինչպէս` այն, ինչ որ Միացեալ Նահանգներ կանոնաւոր հերթականութեամբ ի գործ կը դնեն աշխարհի տարածքին: Անշուշտ ձգտումը գիտնալու, թէ պատահածը «ահաբեկչութի՞ւն» էր, ինքնին թաքուն կը պարունակէր այն հարցումը, թէ «արդեօք ասիկա իսլամներո՞ւ գործ էր: Որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ուղեգիծին մէջ «ահաբեկչութիւն»-ը որեւէ այլ իմաստ չի պարունակեր, բացի` իսլամներու կողմէ Արեւմուտքի դէմ գործուած բրտութիւն: Պատճառը այն շփոթին եւ անորոշութեան, թէ պատահածը «ահաբեկչութիւն» էր կամ ոչ, այն է, թէ յստակ եւ հետեւողական կերպով կիրարկուող սահմանում մը գոյութիւն չունի: Ներկայ հանգրուանին անիկա պարզապէս քիչ մը աւելին է մարդոց զգացումներուն հետ խաղցող քարոզչութեան եզրէ մը: Ասիկա փաստուած է բազմիցս, նաեւ` այսօր:
5) Վերջին տասնամեակին այս ձեւի յարձակումներուն պատմութիւնը յստակ է եւ հետեւողական: Անոնք կը շահագործուին` պետական ուժի ծիրը ընդարձակելու, պետական հսկողութիւնը աւելցնելու եւ անհատի ազատութիւնները կաշկանդելու նպատակով: Պոսթընի յարձակումին գիշերը «Էն. Պի. Սի.» կայանին Պրայըն Ուլիըմզի յայտագիրէն Թոմ Պրոքաու կը յայտարարէր, թէ նման արարքներ պիտի կրկնուին, եւ կը թելադրէր համեստօրէն վարժուիլ անոնց:
«Այս գիշեր ամէն ոք պէտք է հասկնայ, թէ վաղը առաւօտ կանուխ շատ աւելի խիստ ապահովական միջոցառումներ պիտի որդեգրուին երկրին տարածքին, եւ որքան ալ յոգնինք այս բոլորէն, պէտք է սորվինք ընդունիլ զանոնք մեր կեանքին մէջ եւ շարունակենք մեր կեանքը, թոյլ չտանք, որ անոնք ծունկի բերեն մեզ: Կը յիշէ՛ք, թէ անցեալ ամառ որքա՛ն տհաճ էին ապահովական միջոցառումները դեմոկրատ եւ հանրապետական կուսակցութիւններուն համագումարներուն առիթով: Չեմ կարծեր, որ այլեւս նմանօրինակ դժգոհութիւններ կրնանք արտայայտել Պոսթընի դէպքէն ետք»:
Նոյն գիշերը «Էմ. Էս. Էն. Պի. Սի.» կայանին Քրիս Հայեսի յայտագիրէն Էֆ. Պի. Այ.ի գործիչ մը խօսեցաւ այն իրողութեան մասին, թէ Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը իրաւունքը ունի ձերբակալելու կասկածելի ահաբեկիչներ` առանց նախազգուշացնելու զանոնք հարցաքննութենէ առաջ: Երբ Թուիթըրի վրայ բազմաթիւ անձեր զարմանք յայտնեցին այս հաստատումին դէմ, ես դիտել տուի, թէ ասիկա պատահեցաւ, երբ նախագահ Օպամայի վարչակարգը Տիթրոյթի ռմբահարումը շահագործեց` սահմանափակելու համար նախազգուշացումի իրաւունքը, որ տասնամեակներէ ի վեր կը յարգուէր: Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը այս քաղաքականութիւնը կը կիրարկէ ամէն անգամ, «ահաբեկչութեան մասնագէտ» կեղծ ճարտարարուեստին օգնութեամբ: Այսինքն կը շահագործէ ստեղծուած վախը` աւելցնելու համար իր ուժը եւ պակսեցնելու` անհատին իրաւունքները, ներառեալ` անոր անձնական ազատութեան իրաւունքը:
«Տի Աթլանթիք» թերթին մէջ ապահովութեան մասնագէտ Պրուս Շնայըր ստորագրած է կարճ, բայց տպաւորիչ յօդուած մը, ուր կը բացատրէ, թէ որքա՛ն կարեւոր է անտրամաբանական ձեւով կամ չափազանցուած վախով չհակազդել Պոսթընի յարձակումին, այլ` ուշադիր հետեւիլ եւ թոյլ չտալ, որ պետութիւնը շահագործէ վախը` պարտադրելու համար անհատին իրաւունքները կաշկանդող նոր միջոցառումներ: Ան մասնաւորաբար կը նշէ, թէ որքա՛ն արտասովոր ըլլայ դէպք մը (ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու հողին վրայ կատարուած յարձակում մը), այնքան աւելի մեր ուղեղը կը սկսի բնականաբար չափազանցել անոր նշանակութիւնը եւ յաճախականութիւնը:
Մէկ խօսքով, նոյնիսկ եթէ ի յայտ գայ, թէ Պոսթընի մէջ կատարուած յարձակումին հեղինակներուն շարժառիթը քաղաքական է եւ անոնք կը հետեւին հակաամերիկեան գաղափարաբանութեան մը, անիկա դարձեալ պիտի մնայ հազուադէպ պատահար մը, որ շատ աւելի նուազ վտանգ կը սպառնայ ամերիկացիներուն, քան` անթիւ այլ վտանգներ: Սեպտեմբեր 11-ի յարձակումներէն ետք ծաւալած չափազանցելու սովորութենէն պէտք է քաղել այն դասը, թէ բուռն հակազդեցութեան եւ անտրամաբանական վախի անձնատուր ըլլալու վտանգները շատ աւելի մեծ են, քան` այն վտանգները, զորս կը սպառնան այս ձեւի դէպքեր:
Վերջին ժամ. «Տը Նիւ Եորքըր» թերթին մէջ Էմի Տէյվիտսըն հոյակապ եւ ցնցիչ վերլուծում մը կը կատարէ` նկարագրելով, թէ ինչպէ՛ս ռմբահարումին մէկ զոհը` 20 տարեկան սէուտցի մը, անմիջապէս եւ ստոր ձեւով «կասկածելիի» վերածուած է ամերիկեան լրատուամիջոցներու եւ պետութեան կողմէ:

