«Էքսոտուս». Իւրայատուկ Ցուցադրութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով

Պուրճ Համուտի «Պատկեր» կեդրոնին թաղը շաբաթ, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին իւրայատուկ տեսք ստացած էր: Լիբանանցի ձեւաւորող Ռեն Պատրան ներկայացուց հագուստի ցուցադրութիւն մը` ազդուած Հայոց ցեղասպանութեան թեմաներէն:

Ցուցադրութեան մասնակցեցան երիտասարդներ, աղջիկներ, տղաք, փոքրեր եւ տարեցներ: «Էքսոտուս» ընդհանուր խորագիրը կրող ցուցադրութիւնը պարզ «ֆաշըն շօ» չէր, այլ իւրայատուկ ոգեկոչումը Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին:

Ցուցադրութեան կ՛ընկերանար երաժշտութեան եւ գոյնի յատուկ ներդաշնակութիւն: Ցուցադրութեան «բեմականացումը» կատարած էր շարժապատկերի արտադրող Պատրան Ռոյ Պատրան:

Ներկայացուեցաւ հայ ժողովուրդի տառապանքի երթը դէպի մահ, բայց այդ մահուան երթին աւարտին դարձեալ վերածնելու կամքը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, «Պատկեր» կեդրոնի եւ «Սիփան» պարախումբի հովանաւորութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ այս ցուցադրութիւնը իւրայատուկ նուէրն էր լիբանանցի ձեւաւորողէ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )