Պոլսոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Բազմաթիւ Ձեռնարկներ Տեղի Պիտի Ունենան

Թրքական «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը այս տարի քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկ մը, որ պիտի սկսի կազմակերպութեան սրահին մէջ 23 ապրիլին բացուելիք ցուցահանդէսով:

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլին` ձեռնարկները պիտի սկսին գերեզմանատուն այցելութեամբ: Ներկաները պիտի այցելեն գերեզմանը Ֆայիք Ալի Պէյի, որ դէմ կանգնած էր 1915-ի կառավարութեան հրահանգին եւ չէր տեղահանած Քիւթահիա նահանգի հայերը, չէր ստիպած կրօնափոխ ըլլալ եւ պաշտպանած էր իր նահանգի հայ համայնքը:

24 ապրիլի ժամը 12:30-ին Սուլթանահմեթի մէջ ներկայիս իբրեւ թուրք-իսլամական թանգարան ծառայող շինութեան մօտ, որ նախապէս բանտ եղած է եւ ուր հազարաւոր հայեր մահուան դատապարտուած են, պիտի կազմակերպուի յիշատակի ձեռնարկ, որուն մասնակիցները պիտի ներկայացնեն այն 2300 գիւղերն ու քաղաքները, ուրկէ բնաջնջուած են հայերը:

Աւելի ուշ ձեռնարկներուն մասնակիցները պիտի այցելեն Շիշլիի հայկական գերեզմանատուն` 2011-ի ապրիլ 24-ին սպաննուած թրքական բանակի հայ զինծառայող Սեւակ Շահին Պալըքճըի գերեզման:

 

Share this Article
CATEGORIES