Երբ Գարունը Կը Հասնի
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գարնան, երբ ձմրան ամպերը կը հեռանան եւ մոխրագոյն երկինքը կը վերագտնէ իր կապոյտ երանգները, վերջապէս կը հասնի ժամանակը` պարելու, զբաղելու եւ օգտուելու վերածնող բնութենէն:
Հնդկաստանի մէջ
Գարնան ժամանումը կը նշուի գոյներով: Գոյներու տօնին` Հոլիի ընթացքին հնդիկները իրարու վրայ գունաւոր ջուր եւ փոշի ներկ կը սրսկեն: Գործածուած գոյները ձեւ մըն են` մաղթելու ուրախութիւն եւ սէր (կարմիր) կամ` լաւատեսութիւն (նարնջագոյն) իր մօտիկներուն:
Ճափոնի մէջ
Երբ կեռասենիներուն առաջին ծաղիկները կը սկսին բացուելու, ճափոնցիները դէպի պարտէզները կ՛ուղղուին` նկարելու այդ գեղեցիկ տեսարանը: Այս ծաղիկները կը խորհրդանշեն կեանքին գեղեցկութիւնը եւ դիւրաբեկութիւնը: Գոյութիւն ունի նոյնիսկ օդերեւութաբանական յատուկ յայտագիր մը, որ կը հետեւի երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ տարբեր ժամանակներու տեղի ունեցող ծաղկումները: Ամէն մարդ կ՛ուզէ մասնակցիլ մեծ դաշտագնացութիւններուն, որոնք կը կազմակերպուին այս ծառերուն ի պատիւ:
Անգլիոյ մէջ
Հին ժամանակներուն 30 ապրիլի գիշերը երիտասարդները ծառ մը կը կտրէին, զայն կը զարդարէին եւ կը տնկէին գիւղին հրապարակը, ուր տեղի կ՛ունենար մեծ տօն մը` ի պատիւ գարնան վերադարձին: Այժմ պարտէզներուն մէջ պատանիները կը հաւաքուին պարելու կեդրոնը տնկուած գերանին կապուած գունաւոր ժապաւէններ բռնած: Ան կը ներկայացնէ մայիսի ծառը:
Պուլկարիոյ մէջ
Մարտ 1-ին պուլկարացիները իրարու բարի գարուն կը մաղթեն` իրարու մարթենիցազներ նուիրելով: Այս պզտիկ, կարմիր եւ ճերմակ բախտաբեր առարկաները մարդիկ իրենց վրայ կը պահեն, մինչեւ որ անոնք նշմարեն ծառի մը վրայ առաջին ծիլերը կամ գաղթող թռչունի մը վերադարձը. ասոնք գարնան ժամանումին նշաններն են: Այդ ժամանակ անոնք իրենց մարթենիցազներէն կը բաժնուին` զայն ծառի մը վրայ կախելով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ
Բարի եկած էք Ուաշինկթընի մէջ ծաղկած կեռասենիներու փառատօնին: 1912 թուականին Թոքիոյի քաղաքապետին կողմէ 3000 կեռասենիներուն շուրջ հաւաքուած մայրաքաղաքը ճափոնական սովորութիւնները կը շարունակէ: Այս տօները, որոնք 15 օր կը տեւեն, վերջ կը գտնեն զարդարուած կառքերու տողանցքով:
Մեքսիքայի մէջ
Ճերմակ հագուած ժողովուրդը 21 մարտին կը հաւաքուի Թէոթիհուաքան մայեան քաղաքին Արեւու բուրգին շուրջ: Նոյնիսկ ամբոխէն մաս մը գիշերը կ՛անցընէ տեղւոյն վրայ արեւածագին ներկայ գտնուելու եւ անոր ուժով լեցուելու համար: Այս շրջանը տարօրինակ է. գարնան գիշերահաւասարի օրը, արեւուն եւ կոթողին մէկ գիծի վրայ գտնուիլը կը յայտնաբերէ աստիճաններէն վար իջնող փետուրներով օձի մը շուքը:
Փաքիստանի մէջ
Կիները կը պարեն, իսկ այր մարդիկ թմբուկ կը նուագեն: Քալաշները կ՛ապրին Փաքիստանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող հեռաւոր երեք հովիտներու մէջ: Անոնք բնութեան վերածնունդը կը տօնեն ուրախ տօնով մը` գարնան փառատօնը: Անոնք ընկոյզով հաց կ՛ուտեն եւ այծի կաթ կը խմեն: Բոլորը կը յուսան լաւ հունձքեր եւ առատ կաթ ունենալ եկող տարուան ընթացքին:
Չինաստանի մէջ
Գարնան տօնը կը նշէ լուսինի նոր տարուան մը սկիզբը: Ան տարուան ամէնէն մեծ տօնն է: Ընտանիքները իրենց ծննդավայր գիւղին մէջ կը հաւաքուին գարնան խնճոյքի սեղանին շուրջ. խրախճանքը կը տեւէ ամբողջ գիշերը: Ճաշացուցակին վրայ միշտ կայ ձուկ, որ կը խորհրդանշէ առատութիւնը եւ Նոր տարուան կպչուն բրինձով պատրաստուած կարկանդակ մը` աւելի լաւ կեանք մաղթելու համար:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Մենք օրական մինչեւ 100 մազ կը կորսնցնենք:
– Կարգ մը ադամանդներ աւելի քան մէկ միլիառ տարուան են:
– Անջրպետի «Միր» կայանին մէջ ապրող կարգ մը աստղանաւորդներ ամէն կիրակի օր ճելօ կ՛ուտէին օրերը չշփոթելու համար:
– Մեր ոտքերը 500 հազար քրտինքի գեղձեր ունին:
– Օր մը մարդ մը վրան շաքարով պատուած 49 տոնաց կերաւ 8 վայրկեանի մէջ:
– Օրերը միայն 18 ժամ կը տեւէին մէկ միլիառ տարիներ առաջ:
– Կարգ մը գորտեր կրնան ձմրան տոկալ` իրենք զիրենք գրեթէ ամբողջովին սառեցնելով:
– Անգլիոյ մէջ ոսկիով ծածկուած հեծիկ մը ծախուեցաւ 125,344 տոլարի:
– Ամրան Նիակարայի ջրվէժներէն թափող ջուրերը կրնան լեցնել 13 հազար լոգարաններ:
– Իւրաքանչիւր ցամաքամասի վրայ գոյութիւն ունի Հռոմ կոչուած քաղաք մը, բացի Անթարքթիքայի վրայ:
Որքա՞ն Է Արեւուն
Ջերմաստիճանը
Մակերեսին վրայ արեւուն ջերմաստիճանը կը հասնի 5500 աստիճանի:
Սակայն անոր կորիզին մէջ այդ թիւը ահաւոր կը դառնայ` 15 միլիոն աստիճան: Արեւուն մակերեսին վրայ կարգ մը շրջաններ նուազ տաք են (3500 աստիճան). անոնք «արեւային բիծեր» կոչուած սեւ նշաններ են:
– Աստղ մը
Արեւը անջրպետին մէջ գտնուող միլիառաւոր աստղերուն նման աստղ մըն է: Սակայն ան երկրագունդին ամէնէն մօտիկն է: Անոր լոյսին եւ տաքութեան շնորհիւ է, որ կեանքը կրնայ գոյութիւն ունենալ մեր մոլորակին վրայ:
– Կազեր
Արեւը բոցավառ կազերու գունդ մըն է: Անիկա կազմուած է 2 կազերէ. ջրածին եւ հելիոմ: Անիկա տաքութեան եւ լոյսի կերպարանքին տակ շատ ուժանիւթ կ՛արտադրէ:
– Ժայթքումներ
Արեւը անջրպետին մէջ բոցավառ կազի ժայթքեր կ՛արձակէ: Անոնք արեւային ժայթքումներ են: Անոնք կրնան տեւել քանի մը վայրկեանէն մինչեւ քանի մը ժամ:
– Դէպքեր
Ամէն 11 տարին անգամ մը արեւուն վրայ կը պատահին սովորականէն շատ աւելի զօրաւոր ժայթքումներ: Այդ ժամանակ արեւը մեծ քանակով ելեկտրական փոշիներ կ՛արձակէ անջրպետին մէջ: Ասիկա կրնայ խանգարել արբանեակները կամ ռատիօ-հաղորդակցութիւնները:
– Չափեր
- Տրամագիծ` 1,4 միլիոն քմ (երկրագունդին տրամագիծէն մօտաւորապէս 109 անգամ աւելի մեծ):
- Երկրագունդէն հեռաւորութիւն` 150 միլիոն քմ: Արեւուն լոյսը մեզի կը հասնի 8 վայրկեանէն:
Կարճ Լուրեր
– Ճէյք 6 տարեկան պզտիկ ամերիկացի մըն է: Երեք ամիս առաջ ան խնամուեցաւ Նիւ Եորքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:
Ան հարցուց բժիշկներուն եւ հիւանդապահուհիներուն, թէ ինչպէ՛ս կրնար իրենց շնորհակալութիւն յայտնել: Անոնք կը պատասխանեն, թէ հիւանդանոցին մանուկները ունէին մատիտ ներկեր, սակայն վրան գծելու բան մը չունէին:
Ճէյք իր հօր աշխատանքի վայրին մէջ լիմոնատ եւ պզտիկ կարկանդակներ կը ծախէ եւ կը հաւաքէ 275 տոլար: Այդ դրամով ան կը գնէ 1800 ներկելու տետրակներ եւ զանոնք կը նուիրէ իր հիւանդ ընկերներուն:
– Արդեօք ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ կեանքը Հրատ մոլորակին վրայ: Բազմաթիւ երկիրներ այս հարցումը կը հարցնեն: Հետեւաբար Աւստրիան աստղանաւորդներ ղրկած է Մարոքի անապատը` վարժութիւններ կատարելու համար, Հրատի վրայ հետախուզական խումբի մը կեանքին պայմանները վերարտադրելու համար:
– 24 ապրիլին Լոնտոնի մէջ աճուրդի պիտի դրուի իւրայատուկ առարկայ մը: Անիկա 400 տարիներ առաջ փիղ-թռչունի մը կողմէ ածուած եւ բրածոյի վերածուած (քարի վերածուած) հաւկիթ մըն է:
Այս հաւկիթը հաւու մը հաւկիթէն 100 անգամ աւելի մեծ է: Պէտք է ըսել, որ զայն ածած թռչունը մարդ արարածէն երկու անգամ աւելի հսկայ էր:
Փիղ-թռչունը կ՛ապրէր Մատակասքար կղզիին վրայ եւ անհետացած է 17-րդ դարուն:
– Նիք Տ՛Ալուազիօ 17 տարեկան անգլիացի պատանի մըն է: Ան շատ հարստացած է:
«Եահու» համացանցի ընկերութիւնը 30 միլիոն տոլարի գնած է ափլիքէյշըն մը, զոր Նիք ստեղծած է:
«Սամմլի» ափլիքէյշըն մըն է, որ կ՛առաջարկէ թերթի յօդուածներու ամփոփումներ` ըստ նիւթին:
Նիք այս յայտագիրը ստեղծած է 15 տարեկանին: Այլեւս ան կ՛աշխատի «Եահու»-ի համար:
– Մոսկուայի քաղաքապետարանը յայտարարած է, թէ ինք համացանցի վրայ իւրայատուկ «շտեմարան» մը ստեղծած է:
Հոն կարելի է գտնել թռչունի երգեր: Այդ երգերը պիտի արձանագրուին, անուանացանկ մը պիտի կազմուի, եւ ապա ան պիտի դրուի դպրոցներուն եւ գրադարաններուն տրամադրութեան տակ: Կը մնայ պարզապէս ընտրել երգը եւ անոր համացանցի վրայ մտիկ ընել:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ մնացած իւրաքանչիւր նկարներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:










