Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ 10 Վարժարաններու` «Լիբանանահայ Գաղութը, Հայապահպանման Աշխատանքները Եւ Աշակերտութեան Դերը» Նիւթով Միօրեայ Սեմինար
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, երէկ` կիրակի, 28 ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գաղութը, հայապահպանման աշխատանքները եւ աշակերտութեան դերը» նիւթով միջդպրոցական միօրեայ Գ. սեմինարը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 10 վարժարաններու միջնակարգ դասարաններէն երեքական ներկայացուցիչներու:
Միօրեայ սեմինարը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա կազմակերպիչ խմբակին անունով խօսք առաւ Վանեսսա Նաժժար, որ նշեց, թէ հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ լիբանանահայ աշակերտը ունի մեծ պարտականութիւն` լաւապէս ճանչնալ իր պատմութիւնը եւ լեզուն, պահպանել մշակոյթը, արժէքներն ու ժառանգութիւնները եւ տէր կանգնիլ հայութեան դատին: Նաժժար շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը իր բնոյթով եզակի է, որ կ՛անդրադառնայ լիբանանահայութիւնը մտահոգող ամէնէն էական խնդիրին` հայապահպանումին, որ կ՛իրականանայ բծախնդիր, կազմակերպուած եւ միացեալ ճիգերով: Գալուստ յոյս յայտնեց, որ սեմինարին մասնակից աշակերտներուն լուրջ, ազգային եւ միասնակամ մթնոլորտը օրինակելի դառնայ բոլորին:
Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, աշակերտները պատասխանեցին հայապահպանման հարցերուն մասին հարցախոյզի մը հարցումներուն, որմէ ետք դիտեցին լիբանանահայութեան պատմութեան մասին տեսերիզ մը:
Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ ներկայացուց «Հայապահպանման նպատակը, միջոցները եւ դժուարութիւնները» նիւթը: Երկրորդ նիւթն էր «Լիբանանահայ գաղութին իրավիճակը անցեալէն այսօր»: Զեկուցաբերն էր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Ճաշի դադարէն ետք խօսք առաւ միօրեայ սեմինարի երրորդ զեկուցաբերը` Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Զեկուցումը կը կրէր «Լիբանանահայ աշակերտին ազգային եւ հոգեւոր պատկանելիութիւնը» նիւթը: Զեկուցումներէն ետք աշակերտները ներկայացուցին իրենց հարցումները եւ յայտնեցին տեսակէտները:
Միօրեայ հանդիպումին վերջին նիւթը նուիրուած էր հայապահպանման աշխատանքին մէջ աշակերտութեան դերակատարութեան: Զրոյցը վարեց Մարօ Շորճեան: Զրոյցին յաջորդեց խմբային աշխատանք մը, որուն ընթացքին աշակերտները խումբերու ընդմէջէն բնորոշեցին հայ աշակերտին պարտականութիւնները հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ եւ պատրաստեցին նշանակներ:
Աւարտին, Սերուժ Եթերեան ներկայացուց հարցախոյզին արդիւնքները: Ապա ան կարդաց սեմինարի մասնակիցներուն անունով հրապարակուելիք միացեալ յայտարարութիւնը, որ ընդունուեցաւ բոլոր մասնակիցներուն կողմէ:
Միացեալ Յայտարարութիւն
Լիբանանահայ գաղութը ներկայիս կը դիմագրաւէ գոյատեւման բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ ունի մեծաթիւ արգելքներ: Այս իրականութեան մէջ հայապահպանումը մեծ մարտահրաւէր մըն է, որուն խնդիրներէն են օտար ամուսնութիւնը, օտար վարժարաններ յաճախելու հետզհետէ աճ արձանագրող երեւոյթը, ապազգային մթնոլորտը եւ ազգային արժէքներէն ու աւանդութիւններէն հեռանալու ընթացքը:
Այս կացութեան մէջ, մենք` իբրեւ հայ աշակերտներ, մեր բոլոր ուժերը պիտի համախմբենք, զինուինք գիտելիքներով, հաւատքով եւ հայեցի կրթութեամբ` մասնակից դառնալու հայապահպանման աշխատանքներուն: Մենք կը գիտակցինք, որ մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, մեր մշակոյթն ու ժառանգութիւնը եւ մեր դատը անփոխարինելի արժէքներ են, որոնց պահպանման, հետապնդման եւ լուծման մէջ մենք մեծ աշխատանք ունինք:
Կը հաւատանք, որ մենք ենք ապագան եւ կ՛ուխտենք յառաջիկային միասնաբար մտածել, ծրագրել ու գործել, որպէսզի ապահովենք մեր ժողովուրդին երթին շարունակականութիւնը:
Միջդպրոցական միօրեայ Գ. սեմինարի
մասնակից աշակերտներԿիրակի, 28 ապրիլ 2013

