Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի 30-ամեակ. Կիթառահարներու Համոյթի Եւ Սենեկային Նուագախումբի Համերգ

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի 30-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, երէկ` կիրակի, 28 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Պու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ` մասնակցութեամբ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի կիթառահարներու համոյթին եւ սենեկային նուագախումբին, ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանին, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:

Համերգին սկզբնաւորութեան, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին անունով խօսք առաւ Կարպիս Գապասագալեան, որ նշեց, թէ երաժշտանոցը` հիմնուած 1983-1984 տարեշրջանին` Պուրճ Համուտի մէջ, սփիւռքեան իրականութեան մէջ եղած է առաջին երաժշտական-հանրակրթական դպրոցը:

Կարպիս Գապասագալեան

Ան հաստատեց, որ երաժշտանոցի ուսումնական ծրագիրը պատշաճեցուած է ազգային հանրօգուտ առաքելութեան սկզբունքներուն` ոչ շահադիտական միջոցներով ջամբել երաժշտական կրթութիւն` առաւելագոյն թիւով հայ աշակերտներու եւ նպաստել անոնց երաժշտական կազմաւորումին: Կարպիս Գապասագալեան ըսաւ, որ Համազգայինը 85-ամեայ իր նուիրական ու սրբազան առաքելութեամբ գործած է անշահախնդիր` հայ պատանիին ու երիտասարդին անսակարկ ջամբելու համար հայ մշակոյթին անփոխարինելի եւ ազնուագոյն արժէքները:

Համերգի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ կիթառահարներու համոյթը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Մկրտիչ Միքայէլեան: Խումբին երգեցողութեամբ միացաւ Սեւան Ադամեան, տուտուկով` Յակոբ Գելուկեան եւ ջութակի աշակերտներ: Համոյթը նուագեց Փիացցոլայի, Տը Մորիզի, Հենտըլի եւ այլ միջազգային հեղինակներու ստեղծագործութիւններ: Յատկանշական էր Կոմիտասէն երկու ստեղծագործութիւններու իւրայատուկ կատարումը:

Երկրորդ բաժինով բեմ բարձրացաւ սենեկային նուագախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Կարօ Աւեսեան: Խումբը նուագեց Ռոսսինիի, Խաչատուրեանի, Պախի, Կոմիտաս-Ասլամազեանի, Մոցարթի, Մոնթիի, Ալթունեանի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն:

Հանդիսութեան աւարտին իր եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ մեծապէս գնահատեց Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի ծաւալուն գործունէութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )