ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ Նախընտրական Քայլարշաւներ` Երեւանի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ
Նախանցեալ օր Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ, Դաշնակցութիւնը Աւան վարչական շրջանին մէջ կատարեց քայլարշաւ մը, որ աւարտեցաւ ժողովրդային հանդիպումով: Քայլարշաւի մասնակիցներուն հետ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ, Երեւանի աւագանիի ՀՅԴ նախընտրական ցուցակին երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արսէն Համբարձումեան եւ ՀՅԴ աւագանիի ցուցակի Աւան վարչական շրջանը ներկայացնող ներկայացուցիչներ:
Քայլարշաւի ընթացքին խումբին միացաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ, Երեւանի աւագանիի ՀՅԴ նախընտրական ցուցակին երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աղուան Վարդանեան: Ինք եւ Արսէն Համբարձումեան հանդիպման մասնակիցներուն ներկայացուցին Երեւանի ապագային հետ կապուած ՀՅԴ-ի ծրագիրները, կոչ ուղղեցին 5 մայիսին անվարան ուղղուելու ընտրատեղամասեր եւ քուէարկելու ի նպաստ ընդդիմութեան ու Դաշնակցութեան, որ յաջողութեան պարագային Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ պիտի համախմբէ բոլոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախորդ գումարման ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, Աւան համայնքի բնակիչ Արտաշէս Շահբազեան, որ անդրադարձաւ կուսակցութեան մը մենիշխանութեան պատճառով յառաջացող մերժելի երեւոյթներուն եւ կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ համատարած հանրապետականացման տխուր իրողութեան: «5 մայիսին բոլորս միասին պիտի երթանք ընտրատեղամասեր եւ մեր «ո՛չ»-ը պիտի ըսենք այս երեւոյթներուն` մեր ձայնը տալով Դաշնակցութեան», իր խօսքը աւարտեց Շահբազեան:
Նոյն ծիրին մէջ, ՀՅԴ համամասնական ցուցակի ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներն ու ՀՅԴ խումբի անդամները անցեալ շաբաթավերջին քայլարշաւ կատարեցին Կոմիտասի փողոցին վրայ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի այս հանգրուանին ընթացքին ՀՅԴ քարոզչական խումբը նպատակայարմար գտած է այս ձեւով քարոզչութիւն իրականացնել:
Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի պարագային մինչեւ այսօր քարոզարշաւը անցած է բնականոն եւ իրենք դժգոհելու առիթ չունին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան ակնկալած առիթներուն, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը ըսաւ, որ դատելով բակային հանդիպումներէն, տուն առ տուն իրականացուող քարոզարշաւէն, Դաշնակցութիւնը բաւական լաւ պատկեր ստացած է, որ շահեկանօրէն կը տարբերի այն վիճակէն, ինչ որ ունեցած են նախորդ տարի տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
ՀՅԴ քարոզչական խումբերը քայլարշաւի ընթացքին անցորդներուն` քաղաքի բնակիչներուն կը բաժնէին ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրները եւ գրքոյկներ ու կը խնդրէին Դաշնակցութեան ձայն տալ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
«Մեր գլխաւոր նպատակն է մեր ծրագիրները տալ ընտրողներուն, որպէսզի մեր քաղաքացիները լիարժէք պատկերացում ունենան մեր ծրագիրներէն` ընտրութիւններէն առաջ: Կը ներկայացնենք ծրագրային տարբերութիւնները միւս ուժերէն եւ դէպի միասնութիւն ձգտող մեր կամքը», նշեց քայլարշաւի մասնակից, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Քայլարշաւը, որ սկսած էր Կոմիտասի պողոտային վրայ գտնուող «Երեւան Սիթի» խանութին քովէն, հասաւ մինչեւ Երեւանի մեթրոյի «Բարեկամութիւն» կայարանին քով, ուր ՀՅԴ ներկայացուցիչները փոքրիկ հանրահաւաք-հանդիպում ունեցան քաղաքացիներուն հետ:

