Եւրոպական Ֆութպոլի Անցեալ Շաբաթավերջի Խաղերը. Եուվենթուս Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Կը Մօտենան Տիտղոսին
Անգլիոյ ախոյեանութեան 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ախոյեանութեան տիտղոսակիր Մանչեսթըր Եունայթըտ Լոնտոնի մէջ մրցեցաւ Արսենալի դէմ: Հանդիպման երկրորդ վայրկեանին Թէօ Ուոլքոթ յառաջ մղեց Արսենալը: Ա. կիսախաղի աւարտէն մէկ վայրկեան առաջ, Արսենալի նախկին աստղերէն` Ռոպին Վան Փերսի, որ Եունայթըտի միանալէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կը վերադառնար Լոնտոն, փենալթի հարուածի մը շնորհիւ հաւասարեցուց արդիւնքը: Մրցումը վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Եունայթըտի մարզիչ Սըր Ալեքս Ֆերկըսըն իր գոհունակութիւնը յայտնեց արդիւնքէն եւ աւելցուց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին համար «Կարմիր սատանաներ»-ը պիտի ունենան երկու նորեկ ֆութպոլիստներ: Երկրորդ դիրքի վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթի, սեփական դաշտին մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուեսթ Համը: Սերժիօ Ակուերօ եւ Քոլօ Թուրէ նշանակեցին Մանչեսթըր Սիթիի կոլերը, Էնտի Քարոլ` Ուեսթ Համի կոլը:
Չելսի երկու անպատասխան գնդակ զետեղեց Սուանզիի բերդին մէջ: Օսքար եւ Լամփար նշանակեցին Չելսիի կոլերը: Ի դէպ, Լամփար իր 201-րդ կոլը կը նշանակէր Չելսիի շապիկով: Լիվըրփուլ վեց անպատասխան գնդակ զետեղեց Նիուքասըլի բերդին մէջ` վերջինիս դաշտին մէջ:
Սպանիոյ ախոյեանութեան 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիոնել Մեսսի նշանակեց յաջորդական իր 20-րդ կոլը, երբ Պարսելոնա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ: Մեսսիի կոլը ընթացիկ տարեշրջանին անոր 44-րդն էր: Ալեքսիս Սանչեզ նշանակեց Պարսայի երկրորդ կոլը: Պարսելոնա իր կէտերուն քանակը բարձրացուց 85-ի:
Ռէալ Մատրիտ մրցակիցի դաշտին մէջ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիքօ Մատրիտը: Նշենք, որ Աթլեթիքօ վերջին անգամ 1999-ին յաղթած է Ռէալին: Մրցումին առաջին կոլը նշանակեցին դաշտին տէրերը` Ռատամել Ֆալքաոյի միջոցով (եղանակի անոր 26-րդը): Սակայն, շնորհիւ Խուան Ֆրանի (սխալմամբ` իր բերդին մէջ) եւ Անխել Տի Մարիայի կոլերուն, Ռէալ Մատրիտ երեք կէտ եւս աւելցուց իր հաւաքած միաւորներուն վրայ: Ռէալ Մատրիտ ներկայիս 74 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը: Աթլեթիքօ Մատրիտ` երրորդ:
Գերմանիոյ ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայէրն Միւնիխ արձանագրեց երկու նոր մրցանիշ: Ֆրայպուրկի դէմ արձանագրած յաղթանակը եղանակի անոր 27-րդն էր եւ անընդմէջ` տասնչորրորդը: Բացի ատկէ, Պայէրն գերազանցեց Գերմանիոյ ախոյեանութեան կէտերու մրցանիշը` հաւաքելով 84 կէտ: Պորուսիա Տորթմունտ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ֆորթունա Տիւսելտորֆի դէմ` վերջինիս դաշտին մէջ: Նուրի Շահին եւ Եաքոպ Պլաշչիքովսքի նշանակեցին Տորթմունտի կոլերը: Տորթմունտ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը:
Ֆրանսայի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիոն երկու կարեւոր միաւոր կորսնցուց, երբ սեփական դաշտին մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սենթ Էթիենի դէմ: Վերջինս Քուրթ Զումայի միջոցով նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: Ֆրանսայի հաւաքականի կիսապաշտպան Եոան Քուրքոֆ հաւասարեցուց հաշիւը: Լիոն 60 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրքը: Սենթ Էթիէն 58 կէտով կը գտնուի չորրորդ դիրքի վրայ:
Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրեց հերթական իր յաղթանակը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էվիանը: Խաւիէ Փասթորէ նշանակեց մայրաքաղաքի խումբին կոլը: Սեն Ժերմեն ինը մարզիկով աւարտեց մրցումը, որովհետեւ իրաւարարը կարմիր քարտով դաշտէն հեռացուց Մարքօ Վերաթին եւ Տէյվիտ Պեքհամը:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Նափոլի 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փեսքարան: Ինլէր, Փանտեւ եւ Ձեմայիլի նշանակեցին Նափոլիի կոլերը: Ուտինեզէ մրցակիցի դաշտին մէջ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քալիարին: Ռոմա սեփական դաշտին մէջ չորս անպատասխան գնդակ զետեղեց Սիենայի բերդին մէջ: Փապլօ Օսվալտօ նշանակեց հեթրիք մը: Առաջին դիրքի վրայ գտնուող Եուվենթուսի եւ Թորինոյի միջեւ Թորինօ քաղաքի տերպին վերջ գտաւ Եուվենթուսի յաղթանակով` 2-0: Ինթեր Միլան 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Փալերմոյի համեստ կազմին առջեւ: Ա. Սէ. Միլան 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քաթանիան: Ֆլամինի, Փացինի (2) եւ Մարիօ Պալոթելլի նշանակեցին Միլանի կոլերը: