Նամականի
Յիշեցում…
Հայ կ՛ըլլաս, երբ յոտնկայս կը յարգես բոլոր ՀԱՅ նահատակները:
Հայ կ՛ըլլաս, երբ կը ծառայես քու հայրենիքիդ:
Հայ կ՛ըլլաս, երբ քաղաքակիրթ կերպով կը պահանջես քու արդար իրաւունքներդ:
Հայ չես կրնար ըլլալ, երբ անպատշաճ նկարներ կը տեղադրես Դիմատետրի էջիդ վրայ:
Հայ չես կրնար ըլլալ, երբ քայլարշաւի ատեն հայհոյանքներ կը գրես ճամբուն մէջտեղը եւ թշնամիին դրօշակին վրայէն կը քալես:
Օտարները այս բոլորը տեսնելով` ինչո՞ւ վատ աչքով պիտի նային մեզի, ապա ըսեն, թէ հայը անկիրթ է…
Ո՜վ հայ ժողովուրդ, գիտնանք մեր չափն ու սահմանը, օտարներուն դիմաց խայտառակ չըլլանք, մեզի համար անվայել արարքներէ հեռու մնանք եւ միայն հպարտութեամբ ծածանենք մեր եռագոյնը դրօշակը եւ քաղաքակիրթ կերպով արտայայտենք մեր պահանջները:
ԱՐԻ ԿԱՐՊՈՒՇԵԱՆ
16 տարեկան
CATEGORIES Անդրադարձ

