ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՊԱՏԻՆ
Նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ներկայիս արձանագրուած միջադէպերը քաղաքական վրէժխնդրութիւն կը նկատուին` Դիմադրութեան շարժումներուն նկատմամբ Սուրիոյ զօրակցական կեցուածքներուն եւ Իրանի հետ անոր ամրապնդուած յարաբերութեան պատճառով:
«Այս իմաստով մենք կը վերահաստատենք, որ ո՛չ ոք կրնայ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան վրայ ազդել եւ ո՛չ ոք կրնայ Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնել` Դիմադրութեան նկատմամբ իր զօրակցական կեցուածքները փոխելու համար, որովհետեւ Դիմադրութեան պահանջը եւ պայքարը արդար է` թշնամի Իսրայէլի բռնագրաւումին եւ գործած սպանդներուն դէմ կենալու առումով», շեշտեց Ապատի:
Ապատի դրուատեց նախկին նախագահ Լահուտը եւ Լիբանանին շահ ու պատիւ բերող անոր կեցուածքները` նախագահութեան անոր նստաշրջանին ընթացքին:
Ապատի բարձր գնահատեց Դիմադրութեան զօրակցող իր տեսակէտներուն կառչած մնալու նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտի կեցուածքները` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ամերիկեան եւ սիոնական ծրագիրները չեն կրնար յաջողիլ, այնքան ատեն որ արդարութեան եւ իրաւունքին տէր կանգնող ղեկավարներ կան: