Ընկերվարական Ոսպնեակ. Նոր Ազատականութիւնը Փոխարինող Իրական Այլընտրանքի Մը Տենչով

«Զիս չի մտահոգեր, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր պիտի մեռնիմ, սակայն իմ միակ մտահոգութիւնս այն է, որ քաղքենիները իրենց ամբողջ ծանրութեամբ չպառկին աղքատներու եւ տանջուածներու զաւակներուն մարմիններուն վրայ, եւ որ աշխարհը իր ամբողջ ծանրութեամբ չքնանայ թշուառներու եւ իրաւազուրկներու կմախքներուն վրայ»:

ԷՌՆԵՍԹՕ ԿԵՒԱՐԱ

 

Մարդկութիւնը մէկ տասնամեակէ մը ի վեր թեւակոխած է նոր դարաշրջան, այսուհանդերձ աշխարհը կը շարունակէ տնքալ միլիոնաւոր տանջուածներու, թշուառներու եւ իրաւազուրկներու քայլերուն ներքեւ: Եւ այս ընթացքը կը շարունակուի գլխաւորաբար մարդոց միջեւ փոխյարաբերութիւնները կարգաւորող ընկերային-տնտեսական-քաղաքական համակարգին պատճառով. համակարգ մը, որ իր ներքին հակասութիւններուն պատճառով տակաւ կը խորացնէ վիհը ո՛չ միայն մարդոց միջեւ` դասակարգային իմաստով, այլ նաեւ երկիրներուն միջեւ` հիւսիսի եւ հարաւի երկիրներուն միջեւ ստեղծուած տարբաժանումի եւ հիւսիսային երկիրներուն կողմէ հարաւի բնական պաշարներուն վրայ ձեռք դնելու յարաճուն մղումին իմաստով:

Այս ընդհանուր իրադրութեան մէջ ալ համաշխարհային մակարդակի վրայ կը դրուի պահանջ վերագնահատելու հասարակագիտական հասկացողութիւններ, որոնք ուղղակի կապ ունին աշխատաւոր մարդուն, անոր աշխատանքին եւ այդ աշխատանքի վարձատրութեան հետ: Որովհետեւ նաեւ, եւ ըստ երեւոյթին դիտմամբ, անցնող մէկ դարուն ընթացքին տիրող քաղքենիական գաղափարախօսութեան պատճառով հետեւողական փորձ կատարուած է նսեմացնելու աշխատաւորական պայքարները, ցոյց չտալու անոնց յեղափոխական էութիւնը, անոնց հիմնաքար ըլլալը` դրամատիրական կարգերուն փոխարէն աւելի մարդկային եւ յառաջդիմական համակարգ հաստատելու առումով:

Այս մտածողութեան իբրեւ հետեւանք կը նկատենք, թէ տարուէ տարի ինչպէ՛ս մեծ ընկերութիւններու սեփականութիւնը եղող լրատուամիջոցներ եւ նոյնինքն նոր ազատական գաղափարախօսութեամբ ղեկավարուող կառավարութիւնները կ՛այլափոխեն մայիս 1-ի տօնին բուն իմաստը` մարդկութեան երկար տասնամեակներու պայքարը զերոյի հասցնելու չափ: Կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս մայիսի 1-ը կը դառնայ Աշխատանքի տօն կամ լաւագոյն պարագային Աշխատաւորներու միջազգային օր, այն աշխատանքը, որ տակաւին կը շահագործուի շատ քիչ թիւով մարդոց կողմէ, այն աշխատաւորները, որոնք կը շարունակեն կեղեքուիլ եւ իրաւազրկուիլ մանաւանդ այն երկիրներուն մէջ, ուր պետութեան կողմէ ընկերային հոգատարութիւն կոչուած բանը գոյութիւն չունի: Եւ այսպիսով մայիս 1-ը կարծես կը դառնայ շահագործման եւ կեղեքումին առջեւ ի պատուի կենալու օր…

Մինչդեռ մայիսի 1-ը յստակ իրադարձութեան մը ոգեկոչման յիշատակն է, ոգեկոչումն է այն մեծ խլրտումին, որ ապրեցաւ աշխատաւոր դասակարգը 1886 թուականին Միացեալ Նահանգներու Շիքակօ քաղաքին մէջ, երբ ոստիկանութիւնը զինու զօրութեամբ ցրուեց 8 ժամնոց աշխատանքային օր պահանջող աշխատաւորները` ջարդի պատճառով տասնեակներով մարդոց կեանքը խլելով: Ուրեմն այդ օրը Աշխատաւորներուն հետ համերաշխութեան միջազգային տօնն է, եւ հոս շեշտը «համերաշխութիւն» բառին վրայ է, որովհետեւ օրուան իմաստէն շատ բան կը փոխէ, զայն կը վերածէ պայքարի եւ ոչ թէ արձակուրդի սոսկական օրուան…

Այսօր եւս պայքարը կը շարունակուի համաշխարհային մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցող համակարգին այլընտրանքը գտնելու եւ կիրարկելու իմաստով: Նոր ազատական տեսաբանները խորհած էին, որ Խորհրդային Միութեան փլուզման իբրեւ հետեւանք  աշխարհի վրայ ընդմիշտ ձախողած է ձախակողմեան փորձը, բայց անոնք չարաչար կը սխալէին, որովհետեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումով կը կործանէր պարզապէս ընկերվարութեան կամ ձախի վիժած, ձեւախեղուած տարբերակ մը…

Այդ փորձի ձախողութենէն ետք մէկ տասնամեակ չանցած կը նկատենք, որ ազատ շուկայական գաղափարախօսութեան այլընտրանքներ գտնելու բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան համաշխահային մակարդակի վրայ: Այդ լուրջ փորձերուն շարքին էր 1999-էն ի վեր Վենեզուելայէն սկսած եւ ամբողջ Հարաւային Ամերիկայի մակարդակով լայն տարածում գտած Պոլիվարեան յեղափոխութեան փորձը` թէ՛ հարստութիւններու վերաբաժանումի եւ ընկերային ապահովութեան միտող վճարումներու առումով, թէ՛ ուղղակի, մասնակցողական ժողովրդավարութեան իւրայատուկ ձեւ առաջադրելու առումով, թէ՛ ալ քաղաքացիները երկրին ղեկավարման անմիջական մասնակիցը դարձնելու առումով: Բացառապէս խաղաղ միջոցներով` ընտրութիւններու միջոցով ընթացած այս յեղափոխութիւնը անհրաժեշտաբար իր վրայ պիտի կեդրոնացնէր ուշադրութիւնը: Եւ որովհետեւ մեր հայկական իրականութեան մէջ շատ են այն ժխտական երեւոյթները, որոնք ուղղակիօրէն արդիւնք են համաշխարհային մակարդակի վրայ կիրարկուած նոր ազատական, շուկայական գաղափարախօսութեան, նոյնիսկ վայրագ դիմագիծով, ուստի եւ բնական էր, որ փորձ կատարուէր բազմակողմանիօրէն ուսումնասիրելու վենեզուելական փորձը` անկէ դասեր քաղելու առումով:

Հետեւաբար, զուգադիպելով  նաեւ Աշխատաւորութեան հետ համերաշխութեան միջազգային օրուան, Պոլիվարեան յեղափոխութեան շունչը դարձած Վենեզուելայի նախկին նախագահ Հիւկօ Չաւեզի մահուան առիթով, այսօր եւ հետագայ թիւերով զանազան թեմաներու ընդմէջէն լայնօրէն լուսարձակները կը սփռենք նոր ազատականութեան այլընտրանքներէն մէկը հանդիսացած պոլիվարեան փորձին, կամ այլ խօսքով` «21-րդ դարու յեղափոխութեան» վրայ:

Share this Article
CATEGORIES