Իրանի Մէջ Ահմատինեժատի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Մեհտիեւ Արեւմուտքը Կ՛ամբաստանէ Ազրպէյճանի Մէջ Յեղափոխութիւն Իրականացնել Փորձելու Համար

Մեհտիեւ եւ Ահմատինեժատ

Ազրպէյճանական Contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւի եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հանդիպումը, որուն ընթացքին Մեհտիեւ յայտարարած է, թէ արեւմտեան որոշ ուժեր քանի մը անգամ փորձած են Ազրպէյճանի մէջ գունաւոր յեղափոխութիւն իրականացնել, սակայն փորձերը ձախողած են:

«Վերջին տասնամեակին ընթացքին Ազրպէյճանի զարգացումն ու ամրապնդումը վրդովեցուցած է Արեւմուտքը, եւ անոնք Ազրպէյճանի կայունութեան ու խաղաղութեան խարխլման ուղղուած որոշակի քայլերու ձեռնարկած են», ըսած է ան եւ իբրեւ օրինակ նշած Միացեալ Նահանգներու Ազգային ժողովրդավարութեան հիմնարկի Պաքուի ներկայացուցչութեան անունը` նշելով, որ «հիմնարկը Ազրպէյճանի մէջ տարբեր կառոյցներու եւ քաղաքացիներու մէկ միլիոն տոլար բաժնած է, որպէսզի անոնք խարխլեն երկրին անվտանգութիւնը»:

Մեհտիեւ աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կ՛աջակցի Իրանի իշխող վարչակազմին, իսկ նախագահ Ահմատինեժատը կը նկատէ իր ընկերն ու աջակիցը: «Ուժեղ եւ կայուն Իրանի գոյութիւնը Ազրպէյճանի շահերէն կը բխի», նշած է ան:

Ահմատինեժատ իր կարգին յայտարարած է, որ արեւմտեան երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւնները, Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները ամէն ինչ կ՛ընեն Իրան-Ազրպէյճան բարեկամական յարաբերութիւններուն զարգացումը խոչընդոտելու համար:

«Ազրպէյճանցի եւ իրանցի ժողովուրդներուն եղբայրութիւնն ու բարեկամութիւնը կը մտահոգէ թշնամիները: Երկու ժողովուրդները, սակայն, կ՛ընթանան երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ ամրապնդելու ուղիով: Պատմութիւնը մէկ անգամ չէ, որ ապացուցած է, թէ իրենց չարամիտ նպատակները հետապնդող արտաքին ուժերը չեն կրնար յաջողութեան հասնիլ», ըսած է Ահմատինեժատ:

Հանդիպումին աւարտին Մեհտիեւ գովասանքի խօսքեր արտասանած է Ահմատինեժատի հասցէին. «Ձեր անունն ու գործողութիւնները ոսկիէ տառերով գրուած են ներքին, շրջանային եւ համաշխարհային քաղաքականութեան պատմութեան մէջ: Մենք ատիկա յստակ կերպով կը տեսնենք եւ այդ պատճառով ալ ձեզ կը յարգենք»:

Share this Article
CATEGORIES