Ըստ Հարցախոյզի Մը. Թուրքերուն Մեծամասնութիւնը Քիւրտ Զինեալներու Ապազինման Չի Հաւատար

Թուրքիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, որ բնակչութեան 69 առ հարիւրը չի հաւատար, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալները իրենց զէնքերը վար պիտի դնեն:

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 2-6 ապրիլին կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ բնակչութեան մեծամասնութիւնը դէմ է ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ սկսած հաշտութեան հոլովոյթին: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 81 առ հարիւրը Օճալանի չի վստահիր, 69 առ հարիւրին կարծիքով` ՔԱԿ զէնքերը վար պիտի չդնէ, իսկ 51 առ հարիւրը առհասարակ դէմ է քիւրտերուն հետ նման հոլովոյթի սկսելուն:

Օճալան 21 մարտին հրապարակած էր իր ուղերձը, որուն մէջ նշած էր, որ քիւրտ զինեալները պատրաստ են իրենց զէնքերը վար դնելու եւ Թուրքիայէն հեռանալու: Ան նշած էր, որ քաղաքական երկխօսութեան ժամանակը եկած է:

Share this Article
CATEGORIES