Տինքի Հարցով Վիճելի Անձնաւորութիւն Մը Պաշտօնի Բարձրացում Կը Ստանայ

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Տրապիզոնի ոստիկանութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ղեկավար Էնկին Տինչ, որ Հրանդ Տինքի հարցով արդարադատութիւնը արգելակելու յանցանքով ամբաստանուած է, երկուշաբթի օր Թուրքիոյ ոստիկանութեան տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ղեկավար նշանակուած է:

2008-ին Տինքի ընտանիքի փաստաբանները եօթը ոստիկաններու, ներառեալ` Տինչի վերաբերեալ Պոլսոյ աւագ դատախազին դիմած էին, առարկելով, որ անոնք արդարադատութեան ընթացքը արգելակած են: Բայց եւ այնպէս, Տինչ անպարտ հռչակուած էր` յայտնելէ ետք, որ ինք Պոլսոյ ոստիկանութիւնը զգուշացուցած էր Տինքի սպանութիւնը կանխարգիլելու համար քայլերու ձեռնարկելու:

Նախապէս ոստիկան մը, որ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի հետ նկարուած էր, 2012-ի սկիզբը Մալաթիոյ շրջանի փոխոստիկանապետ նշանակուած էր:

Share this Article
CATEGORIES