Թրքական Պատուիրակութիւն Մը Իսրայէլ Պիտի Այցելէ
«Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ թրքական պատուիրակութիւն մը կը ծրագրէ յառաջիկայ շաբաթ այցելել Իսրայէլ` երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման ծիրին մէջ «Մաւի Մարմարա»-ի զոհերու ընտանիքներուն հատուցման հարցին շուրջ բանակցութեանց երկրորդ նիստը գումարելու համար:
Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց վատթարացումէն երկու տարի ետք ասիկա առաջին անգամն է, որ թրքական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Իսրայէլ կ՛այցելէ:
Անցեալ շաբաթ Իսրայէլի վարչապետի խորհրդական Եաաքով Ամիտրորի գլխաւորութեամբ իսրայէլեան յանձնախումբ մը Թուրքիա այցելած էր: Յանձնախումբին մաս կը կազմէր նաեւ յատուկ պատուիրակ եւ նախկին դիւանագէտ Ժոզեֆ Չիչանովեր, որ նախապէս Ժընեւի մէջ ներում հայցելու բնագիրին շուրջ բանակցած էր Թուրքիոյ հետ:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Իսրայէլի Ազգային ապահովութեան խորհուրդը յառաջիկայ շաբաթ պիտի հիւրընկալէ թրքական պատուիրակութիւնը: Իսրայէլեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորեն Չիչանովերն ու Ամիտրորը: Հանդիպումը Իսրայէլի մէջ տեղի կ՛ունենայ հիւրընկալ երկրին փափաքով: