Նայիրիի Ոստիկանապետը` Սպաննուած

Երէկ առաւօտեան Հրազդան քաղաքին մօտ գտնուող գերեզմանատան մէջ յայտնաբերուած է ոստիկանութեան Նայիրիի բաժանմունքի պետ Կորիւն Յարութիւնեանի դիակը` հրազէնային վնասուածքով:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը դէպքի վայրին մէջ պարզեց, որ Յարութիւնեանի դիակը յայտնաբերուած է անոր ծնողներուն գերեզմանէն ոչ հեռու` ծառայողական «Նիսսան» մակնիշի պետական թիւով ինքնաշարժին մօտ: Ան գլուխէն վնաս ստացած է:

Գործին քննութիւնը կ՛իրականացնէ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը, որուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Արամ Զախարեան եւ Կոտայքի մարզի ոստիկանապետ Գրիշա Բադալեան ժամանեցին դէպքի վայրը:

Ներկայիս կը պարզուին տեղի ունեցածին հանգամանքները եւ կը կատարուի վայրի զննում:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկութիւններով` 50-ամեայ Կորիւն Յարութիւնեան Նայիրիի ոստիկանապետ նշանակուած էր վերջերս` մօտ շաբաթ մը առաջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES