ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ Պարգեւատրում Վարդգէս Էսկիպաշեանի

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին 2012-2013 տարեշրջանին կազմակերպած դաշտային մրցումներուն աւարտին, որոնք տեղի ունեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ, կիրակի, 14 ապրիլ 2013-ին, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի անդամներուն, վարժարաններու ուսուցիչներուն եւ պատասխանատուներուն, ծնողներուն եւ մեծ թիւով աշակերտութեան կողքին ներկայ էր ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադիր եղբայրներէն Վարդգէս Էսկիպաշեան, որուն ներկայութիւնը ուժ եւ եռանդ պարգեւեց աշակերտներուն: Ան հաստատեց, որ ՀՄԸՄ-ական եղբայրներուն հիմնած ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերը մինչեւ այսօր կը շարունակուին մարզական մեծ ոգիով` շնորհիւ իրենց դրած ամուր հիմերուն:

Շատ յատկանշական էր այն իրողութիւնը, որ Էսկիպաշեան կը քաղէր տարիներ առաջ իր իսկ ցանած սերմերուն բերքը` տեսնելով մարզական ազնիւ ոգիով եւ բարձր գիտակցութեամբ տրամադրուած 258 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին զանազան մարզախաղերու: Ան համոզուած է, որ յառաջիկային այս փունջ մը ԼԵՎԱՄ-ի ախոյեանները պիտի դառնան մեծ տաղանդներ եւ աւելի ուշ ԼԵՎԱՄ-ի ջահը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Վարդգէս Էսկիպաշեանը` տարիներ շարունակ ԼԵՎԱՄ-ի մէջ իր ունեցած ներդրումին համար:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES