Տիգրան Սարգսեան Առաջարկած Է Հայաստանի Կառավարութեան Նոր Կազմը
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը ՀՀԿ գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստին ընթացին ներկայացուցած է կառավարութեան նոր կազմը: Այս մասին ՀՀԿ գործադիր մարմինի նիստի աւարտէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է ՀՀԿ մամլոյ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը:
Որոշուած է կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարը օժտել նախարարի դերակատարութեամբ: Այդ պաշտօնին համար առաջարկուած է Վաչէ Գաբրիէլեանի թեկնածութիւնը: Անոր փոխարէն ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնին առաջադրուած է տնտեսագէտ Դաւիթ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնին համար առաջադրուած է վաստակաւոր մարզիկ, ողիմպիականի ախոյեան Եուրի Վարդանեանի, իսկ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնին համար` միջազգային յայտնի փորձագէտ, նախկին նախարար Վահրամ Աւանեսեանի թեկնածութիւնը: Մնացած նախարարները պիտի վերանշանակուին իրենց պաշտօններուն վրայ, տեղեկացուցած է Շարմազանով` շեշտելով, որ տարածքային կառավարման նախարարի եւ փոխվարչապետի պաշտօնը վերստանձնած է Արմէն Գէորգեանը:
Մարզպետերուն եւ փոխմարզպետերուն գծով Շարմազանովը դիտել տուած է, որ այդ հարցը նիստին ընթացքին չէ քննարկուած:

