ՔԱԿ-ի Զինեալներու Թուրքիայէն Հեռացումը Սկսաւ
Քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ ԱՖՓ-ի յայտնեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալները չորեքշաբթի օր սկսած են Թուրքիայէն Հիւսիսային Իրաք հեռանալու: «Գիտենք, որ ըմբոստներու հեռացումը սկսաւ», ըսաւ ան:
ՔԱԿ-ի զինեալ թեւը երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Անգարայի հետ խաղաղութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ չորեքշաբթի կանուխ առաւօտեան պիտի սկսի իր ետեւի կեդրոններէն հեռանալ, սակայն զգուշացուց «գրգռիչ» արարքներէ, որոնք կրնան հոլովոյթը քայքայել:
Այս առումով Տեմիրթաշ իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց «խաւարական ուժերու» միջամտութեան հաւանականութենէ: «(Թրքական) բանակին կողմէ յարձակում մը չենք նախատեսեր, սակայն խաւարային ուժեր կամ կառավարական ուժերուն ենթակայ չեղող կիսազինուորական ուժերու գործիչներ կրնան հոլովոյթը խափանել», ըսաւ ան:
CATEGORIES Միջազգային

