Յովիկ Աբրահամեան Շուշիի Ազատագրութիւնը Նկատեց Յաղթանակներու Գագաթնակէտ

Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ Շուշիի ազատագրութեան ու երկրապահի օրուան առիթով այցելեց Եռաբլուր պանթէոն:

Երկրապահ կամաւորներու միութեան վարչութեան նախագահին, ազատամարտիկներու, պատգամաւորներու ընկերակցութեամբ խորհրդարանի ղեկավարը ծաղիկներ զետեղեց սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն եւ ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին վրայ: Ազգային ժողովի նախագահը Եռաբլուրի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ մայիսեան եռատօնի առիթով Երկրապահ կամաւորներու միութեան կազմակերպած ձեռնարկին:

***

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: Աբրահամեան իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, որ այս տօնը կը խորհրդանշէ տարբեր ժամանակներու հայ ժողովուրդի տարած յաղթանակները եւ միեւնոյն ատեն կը միաւորէ տարբեր սերունդները` վկայելով հայրենիքին հանդէպ անշահախնդիր սիրոյ, նուիրումի եւ սեփական ուժերուն հաւատալու վստահութեան մասին:

Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձաւ նախորդ հարիւրամեակի աւարտի պատերազմի վեթերաններու սերունդին, ինչպէս նաեւ Երկրորդ համաշխարհային եւ Հայրենական պատերազմի մասնակից հերոս հայրերուն ու պապերուն: «20-րդ դարու աւարտին ծնունդ առաւ վեթերաններու երկրորդ սերունդը` յանձինս արցախեան պայքարի յաղթողներուն, որոնք կրկնեցին իրենց աւագ սերնդակիցներուն հերոսութիւնը եւ կրկին փաստեցին հայոց բազկի եւ մտքի ուժի անպարտելիութիւնը»: Աբրահամեան շեշտեց, որ մեր յաղթական ձեռքբերումները, երէկուան ու այսօրուան հերոսներու անձնազոհութեան ու նուիրումի բոլոր դրսեւորումները, անոնց յիշատակներն ու կենդանի օրինակները մեզ կը մղեն նոր յաղթանակներու: Ազգային ժողովի նախագահը համոզուած է, որ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի եռամիասնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կառուցել աւելի զօրաւոր, աւելի ապահով ու բարեկեցիկ հայրենիք մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )