Մաթար Եպիսկոպոս. «Մարոնի Ղեկավարները Պքերքէի Մէջ Պիտի Հանդիպին 15 Մայիսէն Առաջ»
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ ինք աւարտած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ գործուղումը լիբանանցի տարբեր ղեկավարներուն մօտ: Ան աւելցուց, որ նախքան 15 մայիսը մարոնի ղեկավարները Պքերքէի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան` քննարկելու համար ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին համար կարեւոր է, որ համախոհական ընտրական օրէնքի մը յանգելու իմաստով ջանքերը կանգ չառնեն:
CATEGORIES Լիբանանեան

