Գէորգ Գանտահարեանի Յիշատակին. Օրհնութեան Հաւատով…

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Մայիս 2013…
Մայիս 2001, 2002…

Տարիներ ինչքան արագ սահեցան,
Ձիւնի պէս,
Որ սպիտակ քուլաներու տակ ապահոված էր կեանքի գարուն մը,
Որ գիտութեան ծարաւով պիտի սպասարկէր լուսաւոր միտքը,
Ընդարձակէր հորիզոնը երեւակայութեան`
Դէպի անհունը,
Յաւերժութեան խոստմնալից բերկրութիւնը…

* * *

Գուգարքէն մինչեւ Սիւնիք, Վայոց ձորէն դէպի Շիրակ, Արագածոտն եւ մեր երկիրի մնացեալ մարզերը, մեր առօրեան ու մեր էութիւնը յուշող իւրաքանչիւր մասնիկ շաբաթական դրութեամբ մեր «ուսուցիչին հետ» կ՛այցելէին մեր լսարանը, լոյս սփռելու աշխարհագրական տուեալներուն վրայ, որոնք ժամանակին հետ կը շնչէին` մեր գրասեղաններուն վրայ տեղադրուած թղթածրարներուն ու քարտէզին ճամբով:

Աշխարհագրութեան ուսուցիչն էր` ալեհեր, միջահասակ, ու ժպտերես. կ՛ենթադրեմ, որ այս երեք յատկանիշները բաւարար էին զինք նկարագրելու. իսկ անոր հոգի՞ն` երիտասարդ, տարբեր հոսանքի մէջ մեզ ներառող, ինչո՞ւ ոչ` կարելի պիտի ըլլար ըսել երիտասարդութենէն պատանութիւն հրաւիրող կատակներով, երբ իր իսկ բառերով` «Կեանքը գեղեցիկ կատակ մըն է, որուն պէտք է երբեմն վստահիլ…»:

Իր նայուածքը` ամէն մէկուս հոգին պարուրող հրաշագործ դարման էր, որ մի՛շտ պատրաստ էր յայտնուելու, մանաւանդ մեր դասանիւթին յաճախակի կերպով միախառնուելու` ազգի լոյսին դիմաց համեստութեան մէջ կքած կոտտացող իր երակով…

Գիտութեան ջահով մեր միտքը պայծառացնող հուրէն աւելի` գիրքի ու գիտելիքի հետաքրքրութեան խայծով կը հրահրէր մեզ, որպէսզի շաբաթական մեր քանի մը հանդիպումը առիթ ստեղծէր դադարներու ընթացքին միջանցքներուն մէջ իրար գտնելու եւ` քիչ մը կատակով, քիչ մը լրջութեամբ մեր խօսակցութեան կծիկը քակելու, երբեմն չլսելով նաեւ մեզ լսարան հրաւիրող զանգին երկար ձայնը…

«Աղջի՛կս, տղա՛ս», յառաջաբանի դերով նշեալ բառերը այնքան քաղցր կը հնչէին իր շրթներէն, որ պահ մը կը մոռնայինք մեր մտահոգութիւնը, երբ կը դիմէինք իրեն` հոգեպէս թեթեւնալու ցանկութեամբ:

Հեռացա՜ծ տարիներ…

Ի՞նչը անպայմանօրէն նշել հետեւեալ տողերուն մէջ, երբ յուշագրութեան էջերս թերթատելով դարձեալ կ՛ապրիմ մայրերու ամիսը, անկախութեան բերկրութիւնը, հասնելու համար մինչեւ Խանասոր, Լիզպոն, Պանք Օթոման… առանց մոռնալու սակայն… իր շատ սիրելի… Այնթապը…

Մեր ուսուցիչին առաջին հարցումներէն էր նաեւ մեր արմատները` արդեօք պիտի ըլլա՞ր մէկը, որ Այնթապէն «ժամանած ըլլար». եթէ այո, ուրեմն շարունակուող հարցումներուն մէջ արենակցական կապի մը հրամայականով անպայմանօրէն մանրամասնութիւններու շեշտը կը դրուէր` «որո՞ւ տղան-աղջիկն ես, ո՞ւր կը բնակիք, ի՞նչ բանով նշանաւոր են այնթապցիք»: Իսկ եթէ պատահէր, որ Այնթապի ջիղ մը ունիս, ուրեմն դրական բոլոր երեւոյթներէն քաղած ես եւ կը կազմես ամփոփումը պատմութեան կարեւոր մէկ շրջանին:

Յաճախ պատահած է, որ մեր գրական տողերը մէջբերելով` պատասխանած ըլլայ մեր հարցումներուն. խորահայեաց թափանցում մը կը բաւէր, որպէսզի լռելեայն հասկնայինք, թէ ինք անմասն չէր մնացած մեր էութեան մաս կազմող մնացեալ նիւթերէն` «մեր մասին» քաղուածներ կատարելէ… Ե՞րբ, ի՞նչպէս եւ ո՞ւր առիթ ունեցած էր մեր թուղթերը, յատկապէս գրական մեր փորձերը կարդալու…

– Ապրի՛ք, շարունակեցէ՛ք. թող Նարեկի շունչը անձրեւէ ձեր վրայ, բայց յանկարծ հովանոց չբանաք,- կատակելով կը փորձէր ամենասուրբին զօրութիւնը թափել մեր վրայ:

– «Անձինք նուիրեալք» գիրքը կարդալէ առաջ, երկա՜ր մտածեցէք այդ նուիրեալներուն մասին, վստահ շատ բան պիտի անցնի ձեր միտքէն. անոնց մասին ալ գրեցէք օր մը…

Եւ տակաւին շատ ու շատ միտքեր, որոնց մէկ մասը գրի առած եմ օրագրութեանս մէջ, որ օրին, դարձեալ իր թելադրանքով` աննշան տետրակի մը զարդարուն էջերը կը կազմեն:

Աշխարհագրութիւն, եկեղեցւոյ պատմութիւն (իր դասաւանդած դասանիւթերը) կամ մնացեալները` մեքենագրուած նօթերու մէջ սեղմուած ունէինք, սակայն իր ներշնչումներէն ազդուելով պահն էր չգրուածներուն մասին մտածելու, մտածելէ ետք արտագրելու, հաղորդակից դառնալու դիմացինին հետ` «Ինծի պէսներուն ալ ուրախացնելու…»,- կը մատնանշէր:

Մի՛շտ ժպիտով ու մշտապէ՛ս հնչող անոր «ահազանգը» դուրս կու գար իրմէ, նո՛յն այդ կենսունակութեամբ թափանցելու մեր հոգիներէն ներս. իսկ եթէ պատահէր, որ իմաստալից ու խոր այդ մտածումէն դուրս գայինք յուզումնախառն արտայայտութեամբ` պատասխանը պիտի ըլլար միեւնոյնը.

– Արմատը խորն է, ծառը կայ նորէ՛ն…

* * *

Ցտեսութեան բարեւին հետ, լսարանէն դուրս ելլելու պահուն անպայման պիտի մրմնջէր երաժշտական մեղեդին` «Երեւան դարձած», «Գիշերն անուշ է», «Թամամ աշխարհ» եւ բազմաթիւ այլ երգեր, որոնք «խմբավարի» շունչին տակ իւրաքանչիւրիս պիտի ընկերակցէին մինչեւ յաջորդ հանդիպում…

 

7 մայիս 2013
Այնճար

Share this Article
CATEGORIES