Իրան Տուն Կանչած Է Կիպրոսի Մէջ Իր Դեսպանը
«Lenta.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Իոանիս Քասուլիտես յայտնած է, որ Իրան տուն կանչած է Կիպրոսի մէջ իր դեսպանը: Դիւանագէտը խորհրդակցութեանց համար Թեհրան կանչուած է այն բանէն ետք, երբ կիպրական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու յանձնած են Իրանի դէմ ՄԱԿ-ի հաստատած պատժամիջոցները խախտելու մէջ կասկածուող իրանցին:
Քասուլիտես ըսած է, որ իրանցին Կիպրոսի մէջ ձերբակալուած էր զէնք գնած ատեն` փորձելով շրջանցել ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները:
«Lenta.ru»-ի տեղեկութեանց համաձայն, Կիպրոսի դիւանագիտական շրջանակներու աղբիւրը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան պատմած է, որ Իրանի քաղաքացին կալանքի տակ առնուած էր երկու շաբաթ առաջ: Իրանցին Միացեալ Նահանգներու իրաւապահ մարմիններուն յանձնուած էր «Կիպրոսի մէջ բոլոր դատական միջոցները սպառելէ ետք»:

