Զօր. Քահուաժի Ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատար Զօր. Սերրան
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց բանակին եւ խաղաղապահ ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ հարաւի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու ջանքերը:
Նշենք, որ Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ժերալտ Քլակ հասաւ Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող աւստրիական զօրամասը:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Քլակ ընդունուեցաւ զօր. Փաուլօ Սերրայի կողմէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

