Նամակ 332

ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Վերջերս դարձեալ սկսանք իրարու գլուխ կոտրել արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ի խնդիր: Մտահոգուելու պէտք չկայ, քանի որ հայկական գլուխները… կարծր են:

Եթէ կը կարծենք, որ հրաշքներ կրնան պատահիլ, շատ կը սխալինք: Արդէն ուշացած ենք: Այս արշաւը պէտք էր վաթսունական թուականներուն սկսիլ, երբ տակաւին այդ սատանայ համակարգը գոյութիւն չունէր: Հայերէնի ընտելացումը պէտք է սկսիլ տունէն եւ անկէ առաջ ալ` մօրմէն, որ պէտք եղած ոգին պէտք է ունենայ, եթէ կը վկայուի հայկական վարժարանէ մը:

Մօտ տարի մը առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութեամբ, Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով մը` ի պաշտպանութիւն արեւմտահայերէնին: Խօսեցան անձնաւորութիւններ, ըստ իրենց կարողութեան եւ փորձառութեան: Անշուշտ կային նոր եւ հետաքրքրական գաղափարներ, բայց անոնք բոլորն ալ յօդս ցնդեցան, քանի որ ո՛չ մամուլին մէջ լոյս տեսան եւ ո՛չ ալ գիրքի ձեւով, որպէսզի հետաքրքրուողներն ու բացակաները կարենային կարդալ եւ խոկալ:

Չեմ զարմանար, քանի որ ցարդ բոլոր նման համաժողովներու ընթացքին խօսուածները մնացին ձայն բարբառոյ յանապատի:

Թէ մեր սերունդները ինչպէ՞ս հայերէն սորվեցան, երբ աշակերտութեան ծնողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը թրքախօս էր եւ յաճախ ալ` անգրագէտ: Մեր ուսուցիչներն էին, որ Երկրէն եկած ֆետայիներ էին, եւ մենք բախտաւոր եղանք:

Գիտութեան յառաջդիմութեան հետ մեր լեզուն ալ նահանջեց, բայց խուճապի պէտք չկայ: Քիչ խօսիլ եւ շատ գործել: Կարդացած եմ, որ Գրիգոր Զոհրապ ալ իր որդւոյն հետ ֆրանսերէնով թղթակցած է…

Հին թուղթերուս մէջ գտայ հայերէնի քննութեան թուղթ մը, 23-9-44 թուակիր, վաթսունինը տարեկան, որ ցոյց կու տայ, թէ հայերէնի քննութիւնը ինչպէս տեղի կ՛ունենար:

Այսօր գաղափար չունիմ, թէ ի՛նչ ձեւով կ՛ընթանան հայերէնի դասաւանդութիւններն ու քննութիւնները, բայց լաւ կ՛ըլլար, եթէ բարեսիրտ հայերէնի ուսուցիչ մը մեզի բացատրողական մը տար:

 * * *

Գրական սերունդ:
Գիրքէ մը արտագրել-բանագողութիւն:
Երկու գիրքէ արտագրել – բանաքաղութիւն (գիտելիք հաւաքող):
Երեք գիրքէ արտագրել – աւարտաճառ:
Չորս գիրքԷ արտագրել – մատենագիտութիւն:

 

16/4/2013

Share this Article
CATEGORIES