Փունջ Մը Անմոռանալի Երգերու Մենահամերգ` Գէորգ Պեպեճեանի Ձայնով
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 12 մայիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ժողովրդային, աշուղական եւ օտարալեզու երգերու մենահամերգ մը` կատարողութեամբ անուանի երգիչ Գէորգ Պեպեճեանի:
Երաժշտասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, Գէորգ Պեպեճեան բարձրորակ կատարումով հրամցուց «Հայաստան», «Գուսանի երգը» եւ «Արփա-Սեւան» երգերը եւ իր ձայնով Հայաստանը վերածեց երկիր դրախտավայրի` ներկայացնելով Կոմիտասի «Հայաստան երկիր դրախտավայր» երգը: Ապա հայ պանդուխտի ձայնով ան երգեց «Կռունկ բարով դառնաս»-ը:
Այնուհետեւ ան մեներգեց «Սիրուս կը սպասեմ»-ը, «Կ՛ուզես լինեմ»-ը եւ աշուղական հմտութեամբ ներկայացուց Սայաթ Նովայի «Թամամ Աշխարհ»-ը:
Պեպեճեան ներկաներուն փոխադրեց այլ աշխարհ մը, երբ օտար դասական բարձրորակ ներկայացումներ կատարելով երգեց «Օ Սոլ Միօ», «Սանթա Լուչիա», «Լա Տոննա Է Մոպիլէ» եւ «Թոռնա ա Սորիենթօ» երգերը:
Համազգայինի հայկական ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը միանալով Գէորգ Պեպեճեանին աւելի հարստացուց երեկոն` շուիով, տուտուկով, քանոնով, տհոլով եւ ձեռնադաշնակով կատարելով «Գանձասար»-ը, «Երգիր ինձ համար»-ը եւ «Լիրիական»-ը:
Ապա Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ այսօր մենք իրեն պատուելու փոխարէն Գէորգ Պեպեճեան ինք կը պատուէ մեզ իր այս բարձրորակ ներկայացումով: Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ աստուածահաճոյ գործ է Գէորգ Պեպեճեանի կատարածը, որովհետեւ ան Աստուծոյ տուած տաղանդը ծաղկեցնելով եւ զարգացնելով պահապանը եղած է հայ երգին, մանաւանդ մեր կողմէ կրնանք զինք անուանել «Հայոց Փաւարոթի»-ն:
Սրբազանը նաեւ նշեց, որ Համազգայինի կատարած գործը դարձեալ աստուածահաճոյ գործ է` հայ մշակոյթը պահպանելով եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցելով:
Գէորգ Պեպեճեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց այս համերգի կազմակերպիչ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ առիթ ստեղծեց իրեն բեմի վրայ բարձրանալու: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նուագախումբի անդամներուն, մանաւանդ իրեն ընկերակցող դաշնակահար Կարինէ Կակոսեանին` սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերելուն համար: Ան բանաստեղծին բառերը օգտագործելով ըսաւ. «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ»:
Համերգը եզրափակուեցաւ «Շողոտ շաղոտ» երգով, որուն ներկաները միացան երգեցողութեամբ եւ ծափողջոյններով:

