Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ երէկ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին կառավարութեան կազմութեան առումով որոշ լուրջ փոփոխութիւններ պիտի արձանագրուին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ համաձայն, Սուրիոյ սահմանամերձ Ալեքսանտրէթի Ռիհանիէ քաղաքը ցնցող ականահարումները միջազգային գաղտնի սպասարկութեանց մատնահետքեր կը կրեն եւ շրջանին մէջ ապակայունութիւնը ամրապնդելու նպատակներ կը հետապնդեն:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ կոչ ուղղեց բոլոր հաւատացեալներուն մոմավառութիւն կատարելու եւ աղօթելու` Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն ազատ արձակումին համար:

ԱԶԳԱՅԻՆ Ազատականներու կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Քամիլ Տորի Շամուն յայտնեց, որ Լիբանան քաղաքակիրթ երկիր մըն է, որ մնայուն կերպով ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան եւ երկխօսութեան կոչ կ՛ուղղէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Թեհրան մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին` զայն բաղկացնող բոլոր համայնքներով ու յարանուանութիւններով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմը այսօր յայտարարուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, յայտնեց, որ ան Լիբանանը կ՛առաջնորդէ դէպի վտանգաւոր հանգրուան մը: Ան աւելցուց, որ սէյիտ Նասրալլայի կեցուածքները իրենց հետեւանքը պիտի ունենան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վրայ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ միջմարոնիական հանդիպում մը կայացնելու առումով խորհրդակցութիւնները առկայ են:

ՍՈՒՐԻՈՅ տագնապին եւ ապահովական միջադէպերուն պատճառով Հերմել շրջանին մէջ շաբաթավերջին ինկած են մեծ թիւով ռումբեր:

ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի զաւակը, որ կը մասնակցէր Սուրիոյ բախումներուն, վիրաւորուած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց կազմելու հզօր կառավարութիւն մը, որ արտաքին ցուցմունքներու գերին չի դառնար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը խորհրդարանի լիագումար նիստէն պիտի հեռանայ, եթէ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան դրուի: Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեցուածքներուն` Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Կոլանի ճակատը բանալ կը նշանակէ Լիբանանը շրջանին դիմագրաւած հրդեհին մէջ մխրճել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խիստ ընդվզած է «կատարուած իրողութեան կառավարութիւն» մը յայտարարելու մտադրութենէն:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ անկարելի է յառաջիկայ յունիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր կեցուածքներով կը փափաքի Լիբանանի ազգային որոշումները իր հակակշիռին տակ առնել, այլ խօսքով` Լիբանանն ու անոր որոշումները իր անձնականը դարձնել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» մը կազմութիւնը պիտի արդիւնաւորուի խորհրդարանին մէջ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին վաւերացումով:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ լիբանանցիներուն ընտանիքներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը շաբաթավերջին պատասխանեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի` ըսելով. «22 մայիսէն ետք քեզի ցոյց կու տանք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սահմանները շրջանցել»:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Մեհրապի հանդիպումը զիջում կարելի չէ նկատել` աւելցնելով, որ ներկայիս պահանջուած է պատմական կեցուածք մը` վաւերացնելու համար Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ճիգ չխնայեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը. բան մը, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ երբեք չկատարեց:

 

 

Share this Article
CATEGORIES