Գիրքերու Հետ. Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան (Գիրք Ե.)
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Ապրիլի օրերուն լոյս տեսաւ Յարութիւն Իսկահատեանի պատրաստած հինգերորդ հատորը, Ե. գիրքը, 268 էջ: Կը բովանդակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ապրած, հրաշքով Եղեռնէն փրկուած հայորդիներու յուշագրութիւնները` լոյս տեսած մամուլին մէջ օրաթերթերու, ամսագիրներու թէ պարբերականներու, նաեւ առանձին հատորներով:
Յարութիւն Իսկահատեանի տարիներու աշխատանքին արգասիքն են այս հինգ հաստափոր հատորները, որոնք կարծէք ըլլային բառարաններ` մէկիկ մէկիկ լոյսին բերուած, ի մի հաւաքուած:
Հայերէնով հրատարակուած յուշագրութիւններու շարքին կան նաեւ օտար լեզուներով հրատարակութիւններ, որոնց ցանկագրումը կատարած է ան` իբրեւ դիւրութիւն Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձումը պրպտողներուն: Ամբողջական պատմագրութիւն մը, հայկական քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ջարդի ենթարկուած անմեղ հայերու: Թուրքը տակաւին կը պահանջէ միջազգային ատեաններ բանալ օսմանեան պատմութեան էջերը` հաստատելու կամ դրժելու համար այսքան բացայայտ ճշմարտութիւն մը:
Յ. Իսկահատեան խտիր չէ դրած իր պատրաստած հատորներուն մէջ ներառելու յուշագրութիւններուն գրական որակը, այլ յարգած է իւրաքանչիր տառապած հայու որբերգութեան վկայութիւնները` օսմանեան կազմակերպուած նախճիրին վերաբերեալ:
Յարատեւ պրպտումներու արդիւնք այս հինգ հատորները լոյս տեսած են օգնութեամբ մեկենասներու: Առաջին երկու հատորները հրատարակուած են Կարպիս Լ. Նազարեան հրատարակչական ֆոնտով, երեք հատորները` Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեաններու մեկենասութեամբ:
Փակագիծ մը բանալով` յիշենք, որ Միմի եւ Արմէն Յարութիւնեաններու մինչեւ օրս իբրեւ մեկենասներ 44 հատորներ լոյս ընծայած են: Ամէնէն բախտաւոր հեղինակը եղած է Ռոպէր Հատտէճեան:
ԳԻՐՔ Ե.- ի առաջին էջերուն արձանագրուած են գնահատական գրութիւններ` լոյս տեսած մեր մամուլի էջերուն, ծանօթ մտաւորականներու եւ գրողներու գրիչով:
Իւրայատուկ աշխատանք մը, գրեթէ ամբողջական «պատկերը» ներկայացնող Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ գործադրուած եղեռնագործութեան, անլուր ջարդերուն, վայրագ ցեղին ծրագրած ցեղասպանութեան:
Յ. Իսկահատեան հոգեկան գոհունակութիւնը ունի, թէ այս հատորները պատրաստելով` յարգած է յիշատակը հայոց անմեղ նահատակներուն:
ԳԻՐՔ Ե.ի բովանդակութիւնը:
| Ամեն. եւ Գերեջ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Թարմունի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարքի գնահատագիրը «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» Մատենաշարին մասին | 5 |
| Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, «Երկու խօսք» | 6 |
| Մամուլի Արձագանգներ | 7 |
| Ա. Կեսար, «Այնթապի Գոյամարտը» | 9 |
| Յակոբ Գույումճեան, «Արիւնոտ Անապատ» | 20 |
| Եսթեր Կոտիկեան, «Մեծ Եղեռնի Փոքրիկ Յուշարձանը» | 34 |
| Շաւարշ Միսաքեան, «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը» | 42 |
| Մինաս Ա. Թաթարեան, «Կամաւորի Մը Յուշերը – Ա., Բ. եւ Գ. Մասեր» | 53 |
| Տիգրան Ս. Փափազեան, «Պատմութիւն Բալուի Հաւաւ Գիւղի» | 63 |
| Պետրոս Քարծայր, «Ծակէ Ծակ», Ա. գրքոյկ | 71 |
| Պետրոս Քարծայր, «Ծակէ Ծակ», Բ. գրքոյկ | 78 |
| Զանազան Հեղինակներ, «Արձագանգ-35ամեակ Կեսարիոյ Աղքատախնամ Ընկերութեան» | 84 |
| Հայկազն Գ. Ղազարեան (դասաւորեց եւ խմբագրեց), «Պատմագիրք Չմշկածագի» | 88 |
| Անդրէաս Գարամանեան (Տաւրոս), «Տարագրեալի Մը Յուշերը», Ա. հատոր | 96 |
| Անդրէաս Գարամանեան (Տաւրոս), «Տարագրեալի Մը Յուշերը», Բ. հատոր | 104 |
| Մեսրոպ Գ. Շխրտըմեան, «Մոռցուած Դէպքեր Եւ Դէմքեր Հաճնոյ 1920-ի Հերոսամարտէն» | 109 |
| Թադէ Մանկասարեան, «Եօթանասուն Տարիներ Ետք – Յուշեր» | 127 |
| Լիւսի Ղուկասեան – Եագուպեան, «Ողբերգ Զէյթունի» | 133 |
| Ժանին Ալթունեան, «Բա՛ց միայն իմ դիմաց ճամբաներն Արմենիոյ» | 140 |
| Արմինէ Կալենց, «Ներիր ինձ Յարութիւն» (Յուշեր-Արմինէ Յարութիւն Կալենցի Մասին) | 145 |
| Միսաք Թորլաքեան, «Օրերուս հետ» | 150 |
| Սիրաք Սարհատեան, «Կեանքիս Յուշերից» | 167 |
| Էմիլի Քարլիէ, «Կոտորածների մէջ» | 180 |
| Եղիսաբէթ Բարսեղեան, «Եղեռնից` Վերածնունդ» | 196 |
| Սամուէլ Կարապետեան (նախագծի հեղինակ), «Յուշագրական ժառանգութիւնն» | 203 |
| Ռոզմարի Յարութիւնեան-Քոհէն, «Վերապրած Խոյեցի Արուսեակը» | 242 |
| Մարկօ Ղուկասեան, «Անվերնագիր… 1915 (Փաստագրութիւն)» | 251 |
| Զանազան հեղինակներ, ա) Ֆայիզ Էլ Ղուսէյն, «Հայոց նահատակութիւնը» | 266 |
| բ) Եսթեր Թ. Մկրտիչեան, «Թուրքիոյ Գեհէնից մի հայ Ընտանիք Հրաշքով Փախուստը» | 275 |
| Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան, «Ռումբը» | 284 |
| Քրիս Պոհճալեան, «Աւազադղեակի Աղջիկները», Chris Bohjalian, “The Sandcastle Girls” | 293 |
| Անձնանուններու ցանկ | 305 |
| Տեղանուններու եւ զանազան հաստատութեանց ցանկ | 347 |

