Նշմար. Յատուկ Նպատակով Բեմադրուած Թատրոն Մը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Անգարայի պետական դատախազի գրասենեակը Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա.ը ահաբեկելու ծրագիրի մը շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկեց: Պատրիարքը այս հարցին անդրադառնալով յայտարարեց, որ «գիտեմ, որ նախ եւ առաջ Աստուած, ապա մեր պետութեան ապահովական ուժերը զիս լաւապէս պիտի պաշտպանեն: Ուստի, այդպիսի դէպքերէ բնաւ մտահոգ չեմ եւ որեւէ վախ չունիմ»:

Իբրեւ կրօնաւոր, Աստուծոյ վրայ պատրիարքին յոյս դնելը ոեւէ հաւատացեալի համար հասկնալի կրնայ ըլլալ, սակայն «իր պետութեան» ապահովական ուժերուն վրայ իր ունեցած վստահութիւնը անհասկնալի կը մնայ: Իրողութեան մէջ գոյութիւն ունի այն մտահոգութիւնը, որ այդ ուժերը պատրիարքը նոյնքան լաւ պաշտպանեն, որքան օրին Հրանդ Տինքը պաշտպանեցին: Այս առումով Տինքի ճակատագիրը պատրիարքը պէտք էր մղէր եթէ ոչ վախնալու, ապա առնուազն` մտահոգուելու:

Հետաքննութիւնը ընթացք առած էր հիմնուելով Կեսարիայէն ուղարկուած նամակի մը վրայ, որ կը նշէր, թէ Սերտար Ա. անունով անձ մը պատրիարքը ահաբեկելու ծրագիր մը ունի այդ ալ 29 մայիսին` Մեհմեթ Ֆաթիհ սուլթանի կողմէ Պոլսոյ գրաւման 560-ամեակին օրը: Ձերբակալեալը հերքած էր ամբաստանութիւնը եւ նշած, որ ինք Պոլիս եկած է ազգականներու այցելելու եւ պատրիարքը սպաննելու որեւէ նպատակ կամ ծրագիր չունի: «Նոյնիսկ չեմ գիտեր, թէ Բարթողիմէոս ո՛ւր կը բնակի: Անոր կոչումը կամ գործը չեմ գիտեր: Զինք միայն լրատուամիջոցներէն տեսած եմ», ոստիկանութեան ըսած է ան:

Հետաքրքրական է, որ 2008-ին ուղարկուած նամակի մը մէջ եւս նշուած եղած է, որ Սերտար կը ծրագրէ պատրիարքը սպաննել: Սակայն օրին ան չէր ձերբակալուած եւ այսքան աղմուկ ալ չէր բարձրացուցած: Ինչ որ մտածել կու տայ, թէ ներկայիս քարոզչական նպատակներ կը հետապնդուին, եւ տեղի ունեցածը Հրանդ Տինքի հարցով արձանագրուած գայթակղութեան միջազգային հանրութեան մօտ ձգած ժխտական ազդեցութիւնը չէզոքացնելու նպատակով բեմադրուած թատրոն մըն է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES