Ըստ «Մաարիւ»-ի. Իսրայէլ Մտադիր Է Պաղեստինին Հող Յանձնելու` Երիքովի Մօտ Նոր Քաղաք Մը Կառուցելու Համար

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ Պաղեստինեան իշխանութեան Յորդանան գետի հունի շրջանին մէջ գտնուող Երիքով քաղաքին մօտ փոքր տարածք մը պիտի յանձնէ, որպէսզի այդտեղ նոր քաղաք մը կառուցէ, սակայն կը թուի, թէ այդ մէկը կ՛իյնայ Յորդանան գետի հունի շրջանին մէջ պաղեստինցիներով բնակուած աւելի մեծ տարածքի մը վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու իսրայէլեան ծրագիրի մը ծիրին մէջ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ 8 հազար պաղեստինցիներ պիտի փոխադրուին այդ նոր կառուցուելիք քաղաքին մէջ 1140 բնակարաններու մէջ բնակելու, եւ քաղաքի ծրագիրին առաջին հանգրուանը պիտի ներառէ անձնական տուներու կառուցումը:

«Մաարիւ» կը հաղորդէ, որ այդ քաղաքը փոխադրուելիք պաղեստինցիներուն մէկ մասը տուները պիտի գնեն առեւտրական շուկայադրումի մը հոլովոյթին մէջ, սակայն այդ փոխադրուելիք բնակչութեան միւս մասը քոչուորներ են, որոնք ներկայիս ապօրինի կերպով կը բնակին «Երիքովի շրջանին մէջ` պետութեան հողերուն վրայ, իսկ քաղաքի կերտումը պիտի նուազեցնէ պաղեստինցիներուն մօտ ապօրինի շինութեանց երեւոյթը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES