Այսօր Սուրիոյ Հարցով Կարեւոր Հանդիպումներ. «Թուրքիա Ռէյհանիյէի Ականահարումներուն Հակադարձելու Համար Որեւէ Միջոցառում Որդեգրելու Իրաւունք Ունի» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այսօր եւ վաղը Շուէտի մէջ Հիւսիսային բեւեռի խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպում կայացնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

«Երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին հանդիպումին շուրջ, որ պիտի շարունակէ Քերրիի Մոսկուա այցելութեան ընթացքին սկսած երկկողմանի եւ միջազգային օրակարգի քննարկումը», ըսաւ Ռիապքով` նշելով, որ «կը նախատեսուի, որ Քերրի եւ Լաւրով քննարկեն Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի համաձայնած` Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովի գումարման մանրամասնութիւնները»:

Ան աւելցուց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ հետաքննութեան համար ռուսական եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ համագործակցութեան որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած»:

«Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պիտի հիւրընկալէ, եւ անոր հետ քննարկումները պիտի կեդրոնանան Սուրիոյ կացութեան զարգացումներուն վրայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սպիտակ տան մէջ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ առանց Ասատի փոխանցման հանգրուանի մը ուղղութեամբ ճնշումը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ Քամերոնի հետ համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանք տանելու փոխանցման մարմինի մը միջոցով առանց Ասատի ժողովրդավարական Սուրիոյ մը կերտման շուրջ: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ հարցի լուծման մասնակից դառնալը Ռուսիոյ շահերէն կը բխի եւ անոր պարտաւորութիւնն է: Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանական նկատեց, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովը յետաձգուի մինչեւ յունիսի սկիզբ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով  «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ռուսիա ժամանակաւոր կացութեանց ազդեցութեան տակ խորքային շարք մը հարցերու շուրջ իր կեցուածքները պիտի չփոխէ, ուստի Արեւմուտքին հետ քուլիսներու ետին համաձայնութիւններ գոյութիւն չունին»: Ան նշեց, որ իր երկիրը վճռակամ է Սուրիոյ տուած մասնաւորաբար հակաօդային պաշտպանութեան մարզին առնչուած խոստումները յարգելու:

Լաւրով նշեց, որ «Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ չի կռուիր, այլ` շիի սրբավայրերը կը պաշտպանէ»` աւելցնելով, որ փոխանցման կառավարութեան Ասատի մասնակցութեան կամ չմասնակցելուն վերաբերեալ Քերրիի յայտարարութիւնը «կապուած է ընդդիմութիւնը վարչակարգին հետ բանակցիլ համոզելու դժուարութեան հետ»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ տակաւին տարակարծութիւններ կան, մասնաւորաբար Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի օրակարգին ու անոր մասնակից կողմերուն շուրջ: Ան նշեց, որ Ռուսիա կը պնդէ, որ այդ խորհրդաժողովին մասնակցին «Ժընեւ-1»-ին մասնակցած երկիրները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դրացի երկիրները, Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան, իսկ Ուաշինկթըն կը փորձէ մասնակիցներուն թիւը կրճատել եւ սահմանափակել այն երկիրներով, որոնք սուրիական ընդդիմութեան կը զօրակցին, որպէսզի խորհրդաժողովին նախապէս բանաձեւուած որոշումներ ներկայացուին:

Ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեց Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու եւ սուրիական ընդդիմութեան ծանր զէնքեր մատակարարելու:

Թրքական Կեցուածքներ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Ռէյհանիյէի մէջ «ահաբեկչական բարբարոսական արարքին պատճառը Սուրիոյ տագնապին գծով աշխարհի լուռ կենալն է»: «Վերջին յարձակումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կայծը կրակի կը վերածուի, երբ միջազգային ընտանիքը լուռ կը մնայ եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չի կրնար գործել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ընդունելի չէ, որ սուրիացի եւ թուրք ժողովուրդները ատոր գինը վճարեն»:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռէյհանիյէի մէջ տեղի ունեցած ականահարումները «Թուրքիոյ գծած կարմիր գիծերուն խզում մըն են»` աւելցնելով, որ «ժամանակը հասած է, որ միջազգային ընտանիքը անմիջապէս եւ առանց ուշացումի սուրիական վարչակարգին դէմ միացեալ կեցուածք մը որդեգրէ»:

Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապի լուծման համար անմիջական դիւանագիտական նախաձեռնութեան ձեռնարկելու` աւելցնելով, որ «Թուրքիա Ռէյհանիյէի ականահարումներուն հակադարձելու համար որեւէ միջոցառում որդեգրելու իրաւունք ունի»:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ Ռէյհանիյէի մէջ ականահարումներու դէպքին շուրջ թրքական իշխանութեանց կատարած հետաքննութիւնները ի յայտ բերած են, որ ատոր ետին սուրիական գաղտնի սպասարկութեանց առնչուած թրքական ձախակողմեան կազմակերպութիւններ կը գտնուին: Ան ըսաւ, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը դէպքին հեղինակները ձերբակալելն ու դատելն է, իսկ սուրիական վարչակարգին հակադարձելու բոլոր կարելիութիւնները քննարկումի առարկայ են:

Մինչ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռէյհանիյէի մէջ կատարուած ականահարումները բարբարոսական նկատեց եւ կոչ ուղղեց անոնց շուրջ հետաքննութիւն կատարելու, Թուրքիոյ համայնավար կուսակցութիւնը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, որ անկարելի է ապահովել քաղաքացիներու անվտանգութիւնը, երբ իշխանութիւնները կը կերակրեն այդպիսի դէպքերը կազմակերպող խմբաւորումները:

«Այդ պայթումներուն աղբիւրը կրնայ ըլլալ Սուրիոյ մէջ Ասատի դէմ մարտնչող զինեալներուն ստեղծած պայթուցիկ նիւթերը: Ատոր ապացոյցն ալ ժողովուրդին կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերն են: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը դարձած է Սուրիոյ մէջ արիւնոտ սադրանքներու աջակիցը: Ռէյհանիէի մէջ տեղի ունեցած պայթումը ցոյց կու տայ, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ գործիք ըլլալու վերջը կու գայ:

«Պատերազմ հրահրող, մարդկութեան թշնամի քաղաքականութեան գլխաւոր ճարտարապետ, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու պէտք է անմիջապէս հրաժարական տայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ թրքական բանակը երէկ յայտարարեց, որ իր հալածիչներէն մէկը Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ ջախջախուած է:

Սուրիա Կը Դատապարտէ
Ռէյհանիյէի
Ականահարումները

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի դատապարտեց «Թուրքիոյ Ռէյհանիյէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումները, որոնք թիրախ դարձուցին բարեկամ թուրք ժողովուրդին զաւակները»: Ան նշեց, որ «ահաբեկչական երկչոտ եւ բացայայտուած յարձակումներուն ետին կը կանգնին Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան ենթակայ մարմինները»:

«Էրտողանի կառավարութիւնը իր թշնամական քաղաքականութեանց եւ սիոնա-ամերիկեան ծրագիրները գործադրելուն պատճառով դրացի երկիրներու եւ շրջանին համար անկայունութեան ու մտավախութեանց աղբիւրի վերածուած է», ըսաւ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES