«Հասարակութեան Ակնկալիքն Էր Ընդդիմութիւնը Տեսնել Միասնական Ճակատով» Նշեց Արսէն Համբարձումեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան ընդգծեց, որ աւագանիի ընտրութիւններուն ընտրախախտումները տեղի ունեցած են տեղամասերէն դուրս:

Այդ պատճառով ալ Դաշնակցութիւնը, ի տարբերութիւն Հայ ազգային քոնկրեսի եւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքի, ոչ մէկ տեղամասի քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկ չպահանջեց: Արսէն Համբարձումեան յայտնեց, որ տեղամասային ընտրական յանձնախումբի աշխատանքները, քարոզարշաւը բնականոն ընթացքի մէջ տեղի ունեցած են, բայց հիմնական խախտումները տեղի ունեցած են տեղամասային ընտրական յանձնախումբերէն դուրս` վարչական-իշխանական միջոցներու եւ ընտրակաշառքի տեսքով:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը փոխանցեց, որ իրենք ընտրութիւններու օրը իրենց թէժ գիծին ստացած բոլոր ահազանգները փոխանցած են ոստիկանութեան, բայց որեւէ համապատասխան արդիւնք չեն տեսած:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ՀՅԴ-ի հաւաքած քիչ ձայները, Համբարձումեան նշեց, որ ընդդիմադիր ընտրազանգուածին զգալի մէկ մասը աշխուժ մասնակցութիւն չունեցաւ ընտրութիւններուն: Ըստ անոր, երկրորդ պատճառը ընտրակաշառքն ու վարչական-իշխանական միջոցներու օգտագործումն էր, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ արդիւնքներուն վրայ:

Իբրեւ երրորդ պատճառ, Համբարձումեան նշեց ժողովուրդի թերահաւատութիւնը ընտրութիւններուն նկատմամբ, թէ անոնք կրնան իսկապէս փոփոխութիւն յառաջացնել Երեւանի եւ ամբողջ Հայաստանի մէջ: Համբարձումեան չորրորդ պատճառը նկատեց պետութեան եւ գործող իշխանութեան միաձուլման երեւոյթը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը նոյնացած է պետութեան հետ, եւ այս պարագային քաղաքական ուժերը կը պայքարին ոչ թէ քաղաքական միջոցներով, այլ ոչ իշխանական ուժերը ստիպուած կ՛ըլլան պայքարիլ պետական մեքենային դէմ եւ այս առումով ուժերը անհաւասար են: Յաջորդ պատճառը հասարակական պահանջի չբաւարարուածութիւնն էր: Ըստ Համբարձումեանի, հասարակութիւնը կ՛ուզէր ընդդիմութիւնը տեսնել միասնական ճակատով, եւ այդ ակնկալիքը չիրականացուեցաւ:

Համբարձումեան անդրադարձաւ նաեւ այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ընդդիմադիր ուժերէն ընտրողը նախընտրեց «Բարեւ  Երեւան» դաշինքը` աւելի շատ ձայներ տալով այն դաշինքին: Ժառանգութիւնը եւս, ի դէմս «Բարեւ Երեւան» դաշինքին, լուրջ նահանջ արձանագրած է` թէ՛ բացարձակ քուէներուն, թէ՛ տոկոսներու առումով:

Համբարձումեան յայտնեց, որ ««Բարեւ Երեւան» դաշինքը յաջողեցաւ յաղթահարել նուազագոյն շեմը միայն այն պատճառով, որ նախագահական ընտրութիւններէն շատ ժամանակ չէր անցած: «Բայց եթէ բաղդատէք, թէ բացարձակ ձայներու առումով եւ տոկոսային յարաբերակցութեամբ որքան ձայներ հաւաքած էր Րաֆֆի Յովհաննէսեան նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ եւ որքան հաւաքեց «Բարեւ Երեւան»-ը աւագանիի ընտրութիւններուն ժամանակ, պէտք է անդրադառնանք, որ լուրջ նահանջ արձանագրուած էր… բոլորն ալ նահանջ արձանագրած են: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ պէտք է լուրջ վերլուծումի ենթարկէ եւ համապատասխան եզրակացութիւններ կատարելով` պայքարի ճիշդ մարտավարութիւն ընտրէ հետագայ յաջողութիւններու ակնկալիքով», ընդգծեց Արսէն Համբարձումեան:

 

Share this Article
CATEGORIES