Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Շախտիոր Տոնեցք իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Թաւրիա Սիմֆերոփոլոն:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նշանակեց երկու կոլ (74-րդ եւ 80-րդ` փենալթիով), հաստատեց նոր մրցանիշ մը` նշանակելով 24 կոլ` Ուքրանիոյ ախոյեանութեան մրցումներուն:

Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Սերկէյ Ռեպրովի եւ Մաքսիմ Շացկիխի (22-ական կոլ):

Share this Article
CATEGORIES