«Պէտք Է Հրաժարիլ Սուրիոյ Մէջ Այնպիսի Արարքներէ, Որոնք Կրնան Կացութեան Քայքայման Առաջնորդել» Ըսաւ Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցան, սակայն անոնք հրապարակաւ Սուրիոյ վարչակարգին տրամադրուող ռուսական հրթիռներու հարցին չանդրադարձան: Իսրայէլացի պաշտօնատարներ Ռուսիոյ կոչ ուղղած էին Սուրիոյ «Էս-300» հակաօդային համակարգերու մատակարարման ծրագիրը չգործադրելու:
Հանդիպումին աւարտին Փութին յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Իսրայէլ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ հասարակաց մտահոգութիւններ ունին, իսկ ինք եւ Նեթանիահու կը հաւատան, որ սուրիական տագնապը ամբողջ շրջանին համար ժխտական հետեւանքներ կը պարունակէ` շեշտելով, որ «պէտք է հրաժարիլ Սուրիոյ մէջ այնպիսի արարքներէ, որոնք կրնան կացութեան քայքայման առաջնորդել»: Ան աւելցուց, որ իրենք համաձայնած են անձնական հանդիպումներու եւ երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութեանց ճամբով հետեւելու Սուրիոյ կացութեան:
Ան յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ժխտական դիպաշարը կարելի է կանխարգիլել միայն անմիջապէս զինեալ տագնապը կասեցնելու եւ քաղաքական փոխզիջման անցնելու միջոցով»:
Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ անկայուն վիճակը կացութիւնը բարելաւելու ուղղութեամբ քայլեր կը պահանջէ: Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ իր ժողովուրդը պաշտպանելու կարիքը ունի:
Սուրիոյ Շուրջ Միջազգային
Խորհրդաժողով
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս ֆրանսական «Էր.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Սուրիոյ շուրջ գումարուելիք միջազգային խորհրդաժողովին շուրջ «անորոշութիւն» գոյութիւն ունի, իսկ Սուրիոյ վարչակարգի եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները մէկ սեղանի շուրջ համախմբելը «շատ դժուար է»: Ան յայտարարեց, որ նախքան խորհրդաժողովը, նախապատրաստական շարք մը հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան:
Ֆապիւս յայտնեց, որ այս հարցին առնչակից երկիրներու խորհրդաժողովը պիտի գումարուի «յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան»` աւելցնելով, որ «կը փորձենք մայիսի վերջաւորութեան «Ժընեւ-2» մը կազմակերպել, եւ նախապատրաստական հանգրուաններ պիտի ըլլան` յառաջիկայ շաբթուան վերջաւորութեան ամենայն հաւանականութեամբ Յորդանանի մէջ, որմէ ետք յաջորդ կանգառը կրնայ Փարիզի մէջ ըլլալ»:
Դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ Յորդանանի մէջ նախատեսուած նախարարական մակարդակով ժողովին պիտի մասնակցին «Սուրիոյ բարեկամներ» խմբակի անդամները, միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Բրիտանիայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յառաջիկայ հինգշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենան, իսկ ուրբաթ օր այդ երկիրներէն ներկայացուցիչներ եւ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ներկայացուցիչները հանդիպում պիտի ունենան:
Ֆապիւս յայտնեց, որ խորհրդաժողովի գումարման համաձայնութիւնը «անորոշ» է, որովհետեւ ժողովէն առաջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաժարելու կոչ մը չի պարունակեր, սակայն աւելցուց, որ «կ՛ուզենք կազմել փոխանցման կառավարութիւն, որպէսզի Պաշշար Ասատէն իշխանութիւնը ստանձնէ, ուստի ան իրողապէս պիտի հեռացուի»:
Ֆապիւս ըսաւ, որ խորհրդաժողովի դժուար կէտերէն մէկը սուրիական վարչակարգի եւ ընդդիմութեան ժողովին մասնակից ներկայացուցիչներուն ճշդումն է:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ հաւանական նկատած էր, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովը յետաձգուի մինչեւ յունիսի սկիզբը: Նախարարութեան բանբեր Ճենիֆըր Փսաքի չբացառեց, որ Իրան հրաւիրուի խորհրդաժողովին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա կը յուսայ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարել` զարգացնելու համար Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը: Ան ըսաւ, որ խորհրդաժողովին ընթացքին անհրաժեշտ է Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները համոզել համաձայնութիւն գոյացնելու:
Կաթիլով նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի քաղաքական լուծում մը գտնելու համար սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը համոզելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Ան նկատել տուաւ, որ «Մոսկուա Սուրիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներու կամ թռիչքներու արգիլեալ գօտի ստեղծելուն դէմ է: Այդպիսի քանդիչ գաղափարները մերթ ընթ մերթ կ՛արտայայտուին առանց անոնց հետեւանքներուն մասին մտածելու»: Ան շեշտեց, որ «միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ այդ հարցով որոշում որդեգրել»:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի երէկ յայտարարեց, որ Սուրիա մասնակից պիտի չըլլայ քաղաքական որեւէ ջանքի, որ իր ազգային գերիշխանութիւնը կ՛ոտնահարէ` նշելով, որ Սուրիոյ միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցութեան հարցը ժողովի մանրամասնութիւններէն եւ զարգացումներէն կախեալ է: Ան մերժեց Ռէյհանիյէի ականահարումներուն շուրջ Սուրիոյ ուղղուած «որեւէ ամբաստանութիւն»` աւելցնելով, որ «ոչինչ կ՛արգիլէ Ռէյհանիյէի ականահարումներուն շուրջ թուրք-սուրիական հասարակական թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարել, եթէ թրքական պետութիւնը այդպիսի հետաքննութիւն մը կատարել խնդրէ»:
Կեցուածքներ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի զգուշացուց «Սուրիոյ մէջ քաղաքական որեւէ անիշխանութենէ կամ զայն մասնատելու ծրագիրներէ»` նշելով, որ «եթէ ատիկա պատահի, պիտի տարածուի եւ շրջանի բոլոր երկիրներուն ազդէ»:
Սալեհի ընդգծեց, որ «Իրան սուրիական հողամասերու միութեան եւ գերիշխանութեան կ՛աջակցի, եւ բոլորը պէտք է ատոր գիտակցին եւ նոյնպէս կատարեն»:
Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան պատրաստ չէ Սուրիոյ դէմ պատերազմի, իսկ թուրք ղեկավարներու ռազմաշունչ յայտարարութիւնները սուրիական զինեալ ընդդիմութեան մարտական ոգին բարձրացնելու նպատակին կը ծառայեն:
«Չեմ կարծեր, որ Թուրքիա ի վիճակի է պատերազմելու, այնտեղ ներքին պատերազմը կը շարունակուի արդէն երեսուն տարիէ ի վեր: Երկրի ներսը հաւանական են նաեւ այլ պատերազմներ` կապուած Թուրքիոյ մէջ ընկերային եւ միջկրօնական պառակտման: Պատերազմի մասին խօսակցութիւնները անհրաժեշտ են բարձրացնելու համար մարտական ոգին սուրիական զինեալ ընդդիմութեան, որուն թուրքերը չեն կրնար տալ նախապէս խոստացուածը», ըսաւ Ժամիլ` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ուժերու յարաբերակցութիւնը թուրքերուն չ՛արտօներ քաղաքական լուրջ քայլերու դիմել:
Ըստ Սուրիոյ փոխվարչապետին, Ռէյհանիյէի մէջ ականահարումները ձեռնտու են ինքնին Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծումով չշահագրգռուած ուժերուն: Ըստ անոր, անոնք ծայրայեղ աջակողմեան ուժեր են, լաւ ծանօթ են բազմազգ եւ բազմակրօն Ալեքսանտրէթ նահանգի իրավիճակին, ուր կը բնակին քիւրտեր, արաբներ, թուրքեր, սիւննիներ, ալեւիներ, եւ կ՛ուզեն զանոնք «ճզմել»:
Ժամիլ նաեւ չի բացառեր, որ ականահարումներուն հետ կապ կրնան ունենալ շրջանային եւ արեւմտեան քանի մը գերտէրութիւններու գաղտնի սպասարկութիւնները:
Թրքական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատ-աճապարողները արգիլեալ կազմակերպութեան ղեկավար Միհրաչ Ուրալ, որ հերքեց Ռէյհանիյէի մէջ ականահարումները կազմակերպած ըլլալու համար թրքական իշխանութիւններուն իրեն ուղղած ամբաստանութիւնը, յայտնեց, որ անոնց ետին Մոսատը կը կանգնի:
Ան «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այդ ականահարումները կազմակերպուած են Թուրքիան Միջին Արեւելքի ճահիճին մէջ ներքաշելու համար:
Ուրալ, որ Սուրիա ապաստանած է, նաեւ ընդգծեց, որ Թրքական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատ-աճապարողները կազմակերպութիւնը ներկայիս նոյնիսկ գոյութիւն չունի:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց «շաբաթասկիզբին Թուրքիոյ մէջ ականուած ինքնաշարժներու պայթեցումը»` աւելցնելով, որ «անհրաժեշտ է այդ ահաբեկչական գարշելի արարքներուն յանցագործները, կազմակերպիչները, ֆինանսաւորողներն ու հովանաւորները դատական հետապնդումի ենթարկել»:


