Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Հրանդ Մելքումեան` 14-րդ Դիրքին Վրայ

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Հրանդ Մելքումեան կը գտնուի ամէնէն բարձր դիրքին վրայ` 14-րդ: Մելքումեան, որ ցարդ անպարտելի է, ապահոված է 6 կէտ:

Անոր նման անպարտելի են նաեւ Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան:

Ընդամէնը 281 մասնակցողներուն մէջ առաջին դիրքը 7 կէտով կը գրաւէ Ալեքսանտր Մոյսինքօ:

Ստորեւ հայրենի մասնակցողներուն ապահոված կէտերը` 8-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք.

 

ԿԷՏ
Վլատիմիր Յակոբեան 4,5
Սերկէյ Մովսիսեան 5,5
Գաբրիէլ Սարգսեան 5,5
Տիգրան Լ. Պետրոսեան 5,5
Հրանդ Մելքումեան 6
Աւետիք Գրիգորեան 4,5
Զաւէն Անդրէասեան 5
Ռոպերթ Յովհաննիսեան 5
Արման Փաշիկեան 5,5
Կարէն Գրիգորեան 4
Յովհաննէս Կապուզեան 4
Էլինա Դանիէլեան 3,5
Ռոպերթ Աղազարեան 4,5
Վլատիմիր Պօղոսեան 2

 

Share this Article
CATEGORIES